ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵՆԷ ԱՒԵԼԻՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աթէնք՝ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հրաւէրին ընդառաջ։ Երէկ, Սերժ Սարգսեան այս շրջագծով Աթէնքի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ, ուր մատուցեց իր յարգանքի տուրքը։ Աւելի վերջ Փաւլոփուլոս պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութիւնով մը դիմաւորեց իր հայ պաշտօնակիցը։ Սերժ Սարգսեան եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս ունեցան առանձնազրոյց մը։ Հարկ է նշել, որ Փաւլոփուլոս նախագահ ընտրուելէ առաջ Յունաստանի խորհրդարանէն ներս եղած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամ, հետեւաբար բաւականաչափ տեղեակ է Երեւանի վերաբերեալ կարեւորագոյն հարցերուն։ Սարգսեան եւ Փաւլոփուլոս քննարկեցին միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջազգային եւ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին առընթեր, նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային օրակարգի այժմէական հարցերուն շուրջ։ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններն ալ մաս կազմեցին քննարկումներու օրակարգին, անոնց զարգացման ուղղութեամբ Յունաստանի դերակատարութիւնով հանդերձ։ Երկու նախագահները Մերձաւոր Արեւելքի, մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամին վրայ եւս ուշադրութիւն կեդրոնացուցին։
Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս Աթէնքի մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ Սերժ Սարգսեանին։ Այս առթիւ երկու նախագահները հանդէս եկան բաժակաճառերով։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, թէ հայերն ու յոյները աւելին են, քան բարեկամներ։ Անոնք իրարու հետ կապուած են ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով։ «Ներկայացնելով երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւն՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդները արարած են կողք կողքի՝ իրենց հետքը թողլով համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ։ Պայքարած են կողք կողքի՝ վաստակելով գոյատեւելու իրաւունքը։ Այսօր ալ, որպէս համանման արժէքներու եւ բարոյականութեան կրողներ, հանդէս կու գան կողք կողքի՝ վաստակելով յարատեւելու ու բարգաւաճելու իրաւունքը։ Այդ ժառանգութեան հիման վրայ այսօր կը շարունակենք ամրապնդել հայ-յունական բարեկամութիւնը, որ արդէն քսանչորս տարիէ ի վեր կը կրէ միջպետական բնոյթ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Օրուան տեւողութեան Սերժ Սարգսեան եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս մասնակցեցան Աթէնքի մէջ կազմակերպուած «Հայաստան. Արարատի ոգին» խորագրեալ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման արարողութեան։ Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական թանգարանէն ներս բացուած է այս ցուցահանդէսը։ Թանգարանի կեդրոնական մասնաշէքնի երկու յարկերուն վրայ կը ցուցադրուին աւելի քան հարիւր ցուցանմոյշներ, որոնք Հայաստանը կը ներկայացնեն՝ պրոնզէ դարէն մինչեւ 20-րդ դարը։ Ներկայացուած առարկաները եզակի գտածոներ են՝ պեղուած բացառապէս Հայաստանի ներկայ տարածքէն, ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան բարձրարժէք գեղարուեստական նմոյշներ, պաշտամունքի կամ ծէսի եզակի իրեր եւայլն։ Նախագահները ցուցահանդէսը շրջեցան երկու երկիրներու մշակոյթի նախարարներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ թանգարան այցելած բազմաթիւ հիւրերու հետ։
Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ալ հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Այսօր Սերժ Սարգսեան Աթէնքի մէջ կը մէկտեղուի Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ եւ այսպէսով կ՚եզրափակուի պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը։ Ան Աթէնքէն կ՚ուղեւորուի դէպի Յունական Կիպրոս՝ նոյնպէս պաշտօնական այցելութեամբ։