ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉԻ ՏԵՍՆԵՐ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպաստիան Քուրցի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլ, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Էլմար Պրոք, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հան, տասներկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ եւ ԵԺԿ-ի այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
Նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ պայքարի, գաղթի վերաբերեալ խնդիրներ։ Քննարկումներ ծաւալուեցան Արեւմտեան Պալքաններու եւ Հարաւային Կովկասէ ներս առկայ հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն, ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան շուրջ։
Քննարկումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Անդրադառնալով գաղթականաց հոսքին՝ ան ըսաւ. «Հայաստան ապաստան տուած է Սուրիայէն ժամանած շուրջ 20 հազար փախստականներու՝ այսպէսով հանդիսանալով բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ Սուրիայէն փախստականներ ընդունած երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ»։ Միեւնոյն ժամանակ Նալպանտեան շեշտեց, որ գաղթի հետ կապուած խնդիրներու լուծումները փնտռելու ժամանակ առաջին հերթին հարկաւոր է անդրադառնալ անոնց պատճառներուն։ Այս առումով ան կարեւորեց ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարը, Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման գործընթացը։
Հաւաքոյթի ընթացքին Նալպանտեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններուն։ Ան կարեւորեց նոր իրաւական փաստաթուղթի մշակման շուրջ սկսած բանակցութիւնները եւ ընդգծեց, որ նոր համաձայնագիրը պիտի ցոլացնէ համագործակցութեան խորութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները։
Վիեննայի հաւաքոյթին ընթացքին Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը։ Ան ընդգծեց, թէ այս հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծումը այլընտրանք չունի։