VADİP ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԴՌՆՓԱԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ

 Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան դռնփակ ժո­ղով մը գու­մա­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Նիս­տը գլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ Ըստ VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի դի­ւա­նէն մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ժո­ղո­վը դռնփակ գու­մա­րուած է՝ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի փա­փա­քով։

Օ­րա­կար­գա­յին քննար­կում­նե­րուն անց­նե­լէ ա­ռաջ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը մի­ջոց մը լսած են Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեա­նը, որ ի­րենց տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցած է մօ­տա­լուտ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են՝ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի եւ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ այս ա­ռանց­քին շուրջ քննար­կուած է նաեւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րուն ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Ո­րո­շուած է, որ թրքա­հայ վա­քըֆ­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քը եւ ընտ­րա­կան դրու­թեան վե­րա­բե­րեալ հե­ռան­կար­նե­րը յստա­կաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պել լայ­նա­խա­րիսխ աշ­խա­տա­ժո­ղով մը։ Այս գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը յանձ­նուած է Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մասնագէտներու ալ կարծիքը պիտի շօշափուի։ Ինչպէս միջոց մը առաջ հաղորդած էինք, փոքրամասնութեանց հաստատութիւնները չունին vakfiye-ներ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց ենթարկուած խնդիրներուն ու պղտորութիւններուն։ Ներկայիս հետապնդուած նպատակներէն մին է այդ էական պակասին փոխարինուիլը։

VADİP-ի ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ մեր համայնքային վարժարաններու տնտեսական ձեռնարկ (İktisadi işletme) դասուելու հարցին, որ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Քննարկուած են այս հարցի յաղթարահման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։

Միւս կող­մէ, VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօզ անդ­րա­դար­ձած է Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան ի նպաստ կա­տա­րուած օ­ժան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ լսում­նե­րուն, այս կա­պակ­ցու­թեամբ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին կող­մէ կա­տա­րուած հրա­պա­րա­կում­նե­րուն եւ ի վեր­ջոյ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ թեր­թիս խմբագ­րու­թեան մի­ջեւ ծա­գած բա­նա­վէ­ճին։ Որպէս պաշտօնական բացատրութիւն՝ VADİP-ի համակարգման խորհուրդի դիւանին կողմէ այս առաւօտ խմբագրութեանս տեղեկացուեցաւ, թէ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ փոխանցուածները ընկալուած են իբրեւ անձնական, մասնակի գանգատ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016