Թիֆլիզի Հայկական Թատրոնը Կը Տօնէ Իր 95-ամեակը
Ֆրանսացի գրող ու թատերագիր Օքտաւ Միրպոյի «Ժան Ռուլ» թատերախաղի բեմադրութեամբ սկսած է Թիֆլիզի հայկական թատրոնի նոր շրջանը` պետականի կարգավիճակին արժանանալու փուլը:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, ֆրանսացի գրողի թատերախաղին անդրանիկ ներկայացումը կայացած է իննսունհինգ տարի առաջ` 1921 թուականի Մարտի 10-ին: Բեմադրութիւնը իրականացուցած է թատերախումբի դերասան Արտէմ Բերոյեան, թէեւ խումբի հիմնական բեմադրիչը եղած է Իսահակ Ալիխանեան: Այդպէսով՝ թատերական այս խումբը հաստատած է պետական թատրոնի կարգավիճակ ստանալուն փաստը: Այդ հանգամանքը ոգեւորած է թատերախումբի անդամները, որուն իբրեւ արդիւնք, ընդամէնը քսանչորս օրուան ընթացքին, թատրոնը ունեցած է հինգ անդրանիկ ներկայացում: Առաջին ներկայացումէն երկու շաբաթ վերջ` Մարտի 24-ին, թիֆլիզահայ թատերասէրի դատին ներկայացուած է ռուս մեծ գրող Նիքոլայ Կոկոլի «Ամուսնութիւն» կատակերգութիւնը, որ բեմադրած է Լեւոն Քալանթար: Ապա, երկու օր վերջ՝ Մարտի 26-ին, թատերական նշեալ խումբը իր հանդիսատեսը հրաւիրած է նոր ներկայացման: Այս անգամ Իսահակ Ալիխանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած է Վ. Վարագեանի «Երջանկութիւն» թատերախաղը:
Անդրանիկ ներկայացումներու այս շքերթէն տակաւին ուշքի չեկած՝ թիֆլիզահայ թատերասէրներուն Մարտի 30-ին «հրամցուած է» նոր ներկայացում: Նոր ներկայացման բեմադրիչը դարձեալ եղած է Լեւոն Քալանթար: Այս անգամ ներկայացուած է գերմանացի գրող Ֆրիտրիխ Շիլլէրի «Սէր եւ խարդաւանք» թատերախաղը:
Ներկայացումները արժանացած են թէ՛ հանդիսատեսի եւ թէ թատերագէտներու ջերմ ընդունելութեան:
Մարտ ամսուան յաջողութիւնները, իրօք, եղած են ոգեւորիչ: Եւ նոյն տարուան Ապրիլի 2-ին, Իսահակ Ալիխանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» կատակերգութիւնը, որ նոյնպէս արժանացած է բարձր գնահատականի:
Թատրոնը իր թատերաշրջանը փակած է Յունիսի վերջերը, ապա, բաժնուելով երկու խումբի, մեկնած է հիւրախաղերու: Խումբ մը, որ կը ղեկավարէր Իսահակ Ալիխանեան, գացած է Վրաստանի հայաշատ շրջաններ, իսկ միւսը՝ Ստեփան Քափանակեանի եւ Լեւոն Քալանթարի ղեկավարութեամբ` Հայաստան: Այս խումբին մէջ եղած են Օլկա Մանսուրեան, Արուս Ոսկանեան,Մարի Բերոյեան, Զապէլ, Խորէն Աղաբաբեան եւ այլք: Երեւանեան հիւրախաղերը պսակուած են աննախադէպ յաջողութեամբ, այնպէս, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն խնդրանքով՝ այդ խումբի զգալի մասը մնացած է Երեւան եւ ստեղծած Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, որ այսօր իրաւամբ կը համարուի Հայաստանի մայր թատրոնը: Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը եւս այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը:
Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական տրամաթքական թատրոնը, որ այսօր գործող հնագոյն հայկական թատրոնն է աշխարհի մէջ, կը շարունակէ ապրիլ: Անիկա հիմնադրուած է 160 տարի առաջ եւ անոր ակունքներուն մէջ կանգած են առաջին հայ մասնագէտ դերասան Գէորգ Չմշկեան եւ հայ իրապաշտական թատրերգութեան հիմնադիր Գաբրիէլ Սունդուկեան: Գէորգ Չմշկեանի յորդորով Պոլիսէն Թիֆլիզ գացած են Պետրոս Ադամեան, Սիրանոյշ եւ քանի մը այլ նշանաւոր դերասաններ, որոնք հետագային դարձան հայ թատերական արուեստի երեւելի դէմքեր: