«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՉՔԸ» ԼԱՒԱԳՈՅՆԻՆ ԼԱՒԸ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր միշտ վառ հետաքրքրութեան առարկայ կը մնայ միջազգային հարթութեան վրայ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» կոչուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը։ Ուաշինկթընի Շարժանկարի անկախ փառատօնին շրջագծով ցուցադրուեցաւ այս գործը։ Փառատօնի բոլոր անուանակարգերուն մէջ ցուցադրուած ժապաւէններուն շարքին այս գործը ընտրուեցաւ «Լաւագոյնին լաւը»։ Այս ժապաւէնը լոյս կը սփռէ Արա Կիւլէրի վաթսուն տարուան գործունէութեան վրայ։
Հարկ է նշել, որ «Իսթանպուլի աչքը» յառաջիկային ցոյց պիտի տրուի նաեւ այլ զանազան փառատօններու շրջագծով։ 17-18 Մարտին Թեսաղոնիկէի շարժանկարի փառատօնին, իսկ Մայիսի սկիզբին՝ Լոս Անճելըսի մէջ նախատեսուած Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի շարժանկարի ժապաւէնին շրջագծով պիտի ներկայացուի այս գործը։