ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թին եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Այս տա­րի Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս մրցոյ­թը, ո­րու ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գէորգ Սիմ­քէ­շեան, որ կը հա­մա­կար­գէ միջ­միու­թե­նա­կան յանձ­նա­խում­բին ծրագ­րե­րը։ Մրցոյ­թի եզ­րա­փակ­չին հան­դի­սա­վարն էր Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, որ մաս­նա­կից խում­բե­րուն ներ­կա­յա­ցուց հար­ցում­նե­րը։

Ար­դիւն­քին, 470 նի­շով մրցոյ­թին ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան խում­բը, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Կեդ­րո­նա­կա­նը (460 նիշ), եւ Մխի­թա­րեա­նը (420 նիշ)։

Մրցոյ­թի դափ­նեկի­րը հան­դի­սա­ցած Տա­տեա­նի խում­բին մաս կը կազ­մէին Սա­յաթ Չա­քար, Պերճ Սէօ­զիւ­տող­րու եւ Մատ­լէն Ար­զու­ման։

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Շու­շան Սվաս­լըօղ­լու յանձ­նեց ա­ռա­ջին ե­րեք խում­բե­րուն յու­շա­նը-ւէր­նե­րը։

Այս տա­րուան միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան՝ Պէզ­ճեան, Պո­մոն­թի Մխի­թա­րեան, Տա­տեան, Ֆէ­րի­գիւղ, Կեդ­րո­նա­կան, Գա­րա­կէօ­զեան, Թոփ­գա­բու Լե­ւոն-Վար­դու­հեան, Մխի­թա­րեան, Սա­հա­կեան, Թարգ­ման­չաց, Դպրե­վանք եւ «Մա­րալ»։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին եւ հրա­ժեշտ ա­ռին ժա­մադ­րուե­լով գալ տա­րուան հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016