Ա­ԶԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՄՏԱ­ԾԵ՛Լ Է

«Ա­զա­տու­թիւն»ը իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նալ գոր­ծե­լու կամ չգոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Ա­զա­տու­թեան այս բա­ցատ­րու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար կ՚են­թադ­րէ բա­նա­կա­նու­թիւն՝ խոր­հե­լու եւ մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն։ Ար­դա­րեւ մարդ ա­րա­րա­ծը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին մէջ կո­չուած է դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու եւ վճռե­լու, այն ի՛նչ որ բա­րի է, գե­ղե­ցիկ է եւ ճշմա­րիտ է, մա­նա­ւա՛նդ օգ­տա­կար։

Ու­րե­մն ա­զա­տու­թիւ­նը ար­դիւնքն է մար­դուս մտա­ծե­լու, խոր­հե­լու կա­րո­ղու­թեան։ Այս ի­մաս­տով ա­մէն մարդ կո­չուած է ա­զա­տու­թեան։ Ա­զա­տու­թիւ­նը նկա­րա­գի՛րն է մարդ ա­րա­րա­ծին, քա­նի որ ան միա՛կն է խոր­հող՝ ամ­բողջ ա­րա­րած­նե­րու մէջ, ստեղ­ծուած՝ բա­նա­կա­նու­թեան կա­րո­ղու­թեամբ, օժ­տուած է միտ­քով։ Բայց չի բա­ւեր միտք ու­նե­նալ, պէ՛տք է նաեւ գոր­ծա­ծել զայն, ար­տադ­րել եւ տա­րա­ծել մարդ­կու­թեան օգ­տին, բա­րի­քի՛ն։

Ուս­տի ինք­նակ­մու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր ոք տէ՛ր է իր ան­ձին։ Մար­դուն մէջ ա­զա­տու­թիւ­նը զօ­րու­թի՛ւն մըն է ա­ճու­մի, զար­գաց­ման եւ հա­սու­նու­թեան՝ ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան մէջ։ Ա­զա­տու­թիւ­նը կը հաս­նի իր կա­տա­րե­լու­թեան, երբ կա­տա­րուի դէ­պի աս­տուա­ծա­հա­ճոյ նպա­տակ՝ որ է ի­րե­րօգ­նու­թիւն, մար­դա­սի­րա­կան ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րով։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ բաժ­նել այն ինչ որ ու­նի մարդ, մաս­նա­ւո­րա­պէս մտա­յին ար­ժէք­նե­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ, ի­րա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը՝ ան­կա­խու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ միտք ար­տադ­րե­լու, եւ չբա­ւա­կա­նա­նա­լով ար­տադ­րու­թեամբ, տա­րա­ծել, բաժ­նել, բաժ­նե­կից ու մաս­նա­կից ը­նել մարդ­կու­թիւ­նը այս մտա­ւոր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով։

Զոր օ­րի­նակ, բա­նաս­տեղ­ծը ա­զատ անձ մըն է, քա­նի որ կը խոր­հի, կը խորհր­դա­ծէ, միտք ու խօսք կ՚ար­տադ­րէ եւ իր ար­տադ­րա­ծը կը բաժ­նէ անձ­նուի­րա­բա՛ր։

Ի՜նչ պի­տի ար­ժէր գի­տուն մը, ե­թէ բաժ­նե­կից չը­նէր մար­դիկ իր գի­տու­թեան։ Այս ի­մա­սով իս­կա­կան եւ սրբա­զան նուի­րա­կան­ներ են ու­սու­ցիչ­ներ, դաս­տիա­րակ­ներ, ո­րոնք գի­տու­թիւն կը փո­խան­ցեն սե­րունդ­նե­րու, ա­պա­գայ մար­դոց։ Սրբա­զան նուի­րա­կան­ներ են բա­նաս­տեղծ­ներ, որ զգա­ցու­մը միաց­նե­լով մտքին՝ գե­ղե­ցի­կը, բա­րին եւ ճշմա­րի­տը կը փո­խան­ցեն մարդ­կու­թեան՝ որ­պէս տի­պա՛ր ի­րե­րօգ­նու­թեան, ո­րուն կո­չուած է մարդ իր ստեղծ­ման օ­րէն իսկ։ Եւ այն­քան ա­տեն որ ա­զա­տու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս չէ հաս­տա­տուած իր վերջ­նա­կան բա­րի­քին մէջ, որ գե­րա­զանց ու բա­ցար­ձակ բա­րի՛ն է, ան չի՛ կրնար կա­տա­րեալ ըլ­լալ, կը տա­րու­բե­րի, կը տա­տա­նի օգ­տա­կա­րին ու վնա­սա­կա­րին, բա­րիին ու չա­րին մի­ջեւ, հե­տե­ւա­բար ա­ճե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու­թեան մէջ եւ կամ սայ­թա­քե­լո՛ւ։

Ու­րեմն, խոր­հող, մտա­ծող, զգա­ցող մար­դը «ա­զատ» է, մա­նա­ւանդ որ մտա­ծու­մով եւ զգա­ցու­մով կը յան­գի վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մի մը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը կը բնո­րո­շէ յատ­կա­պէս մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը։

Մարդ ո՛ր­քան ա­ւե­լի բա­րիք կ՚ը­նէ, ա՛յն­քան ա­ւե­լի ա­զատ է։ Չկա՛յ ճշմա­րիտ ա­զա­տու­թիւն, ե­թէ ոչ ի սպաս բա­րիին եւ ար­դա­րին։ Չա­րիք եւ ա­նի­րա­ւու­թիւն՝ ա­զա­տու­թեան զեղ­ծո՛ւմն է եւ կը տա­նի մարդս հետզ­հե­տէ ստրկու­թեան։ Ա­զա­տու­թիւնն է որ մարդս կը դարձ­նէ «պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ» իր ա­րարք­նե­րուն՝ այն չա­փով որ ա­նոնք կա­մո­վին են։ Ուս­տի սխա՛լ յա­ւակ­նիլ թէ՝ ա­զա­տու­թեան են­թա­կայ մար­դը ինք­նա­բա՛ւ է, թէ իբ­րեւ նպա­տակ ու­նի գո­հաց­նել իր «անձ­նա­կան շահ»ը՝ երկ­րա­ւոր, աշ­խար­հա­յին բա­րիք­նե­րու վա­յել­քին մէջ։

Ու­րիշ կող­մէ, տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք կը պա­հան­ջուին ա­զա­տու­թեան ու­ղի՛ղ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար, շատ ան­գամ­ներ ան­գի­տակ­ցուած են եւ բռնա­բա­րուած։

Երբ կ՚ը­սենք, թէ միայն մտա­ծել չի բա­ւեր, այլ պէտք է նաեւ միտք, մտա­ծու­թիւն ար­տադ­րել, որ­պէս­զի մարդ «ա­զատ» ըլ­լայ, կը յի­շենք Ժան-Բօլ Սարթ­րի խօս­քը, որ կ՚ը­սէ. «Չի բա­ւեր աչք ու­նե­նալ, պէ՛տք է նաեւ զա­նոնք գոր­ծա­ծել եւ տես­նե՛լ»։

­Կու­րա­ցու­մը եւ ա­նար­դա­րու­թեան կամ ան­տար­բե­րու­թեան ա­մէն կա­ցու­թիւն կը ճնշեն բա­րո­յա­կան կեան­քի վրայ եւ թէ՛ զօ­րա­ւոր­նե­րը, թէ՛ տկար­նե­րը ընդ­դէմ սի­րոյն սխա­լե­լու փոր­ձու­թեան մէջ կը ձգեն։ Շե­ղե­լով բա­րո­յա­կան-բնա­կան օ­րէն­քէն մարդ վնաս կը հասց­նէ իր իսկ ա­զա­տու­թեան, ինք­զինք կը կաշ­կան­դէ, կը խզէ եղ­բայ­րու­թիւնն իր նման­նե­րուն հետ եւ կ՚ըմ­բոս­տա­նայ աս­տուա­ծա­յին ճշմար­տու­թեան դէմ։

Յա­կո­բոս Ա­ռա­քեալ իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Ո՛վ որ շի­տա­կը գի­տէ եւ չ՚ը­ներ՝ մե՛ղք կը գոր­ծէ» (ՅԱԿԲ. Դ 17)։ Յով­սէփ Ա­ւագ Քա­հա­նայ Յա­կո­բեան, իր «Լոյ­սի Շո­ղեր» գիր­քին մէջ կը պատ­մէ՝ թէ Ա­մե­րի­կա­յի գիւ­տէն յե­տոյ, սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն, երբ թե­րեւս ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան մա­սին խօսք ը­նել իսկ կա­րե­լի չէր, սե­ւա­մորթ մը, որ­պէս ստրուկ, շու­կայ կը տա­նին վա­ճա­ռե­լու հա­մար։ Խեղճ սե­ւա­մոր­թը յուզ­մուն­քով կը սպա­սէ, թէ ո՛վ պի­տի ըլ­լայ իր նոր տէ­րը։

Հա­րուստ ե­րի­տա­սարդ մը՝ ա­պա­ւի­նած Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեան, մեծ գու­մար մը վճա­րե­լով կը գնէ սե­ւա­մոր­թը եւ զայն ա­զատ ար­ձա­կե­լով կ՚ը­սէ.

«Սի­րե­լիս, քեզ գնե­ցի մէկ նպա­տա­կի մը հա­մար միայն, որ այս պա­հէն սկսեալ ա­զա՛տ ըլ­լաս եւ ո՛չ մէ­կէն կա­խում ու­նե­նաս։ Գնա՛ եւ նոր կեան­քի մը սկսէ։ Ե­թէ պա­տա­հի, որ նե­ղու­թիւն ու­նե­նաս, ե­լիր իմ մօտ ե­կուր, ա­հա իմ հաս­ցէն»։

­Սե­ւա­մոր­թը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ է որ այս­պի­սի բա­րե­սիրտ տէր մը կը տես­նէր, աչ­քերն ու սիր­տը ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած, ար­ցունք­նե­րու մէջ իս­կոյն կ՚իյ­նայ իր բա­րե­րա­րին ստքե­րուն ու լա­լով՝ կ՚ը­սէ.

«Տէ՛ր, ին­ծի հա­մար նա­խընտ­րե­լի է քու ստրու­կը ըլ­լալ, քան թէ քեզ­մէ յե­տոյ ապ­րիլ ա­զատ ու ա­պեր­ջա­նի՛կ»։­

Ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ իս­կա­կան ու ան­կեղծ բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ բա­րի գոր­ծը գին չու­նի՛։

Ու­րեմն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ա­զա­տու­թիւ­նը զո­հո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ ան­կեղծ մտադ­րու­թիւն բա­րե­գոր­ծու­թեան մա­սին։ Իսկ ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը կը փոր­ձէ «ա­զատ» ըլ­լալ ա­ռանց աշ­խա­տան­քի, ա­ռանց զո­հո­ղու­թեան, ան կա­րե­լի չէ «ա­զատ» հա­մա­րել, քա­նի որ միշտ զինք պի­տի հե­տապն­դէ փո­խա­րէն գին մը վճա­րե­լու, գո­նէ փո­խա­դարձ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցու­մով մը՝ մտա­պէս գե­րի դառ­նա­լու, եւ յա­ճախ լսե­լու ի­րեն ե­ղած բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 8, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016