ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի։ 3x3 ձեւաչափով կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը այս տարի համընկնեցաւ Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Մրցաշարքը առիթ հանդիսացաւ նաեւ ոգեկոչելու համար ակումբի վաղամեռիկ մարզիկներէն Սարվէն Ամպարճըն։
Աւարտական խաղին «Զակա» եւ «Օն Տը Պիչ» խումբերը հանդէս եկան բուռն մրցակցութիւնով։ Արդիւնքին «Զակա» խումբը դարձաւ ախոյեան։ Յաջորդած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին «Զակա»ի տղաքը իրենց պարգեւը ստացան ձեռամբ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընի։ Միւս դափնեկիրներուն մրցանակներն ալ յանձնեցին հանգուցեալ Արման Մանուկեանի որդին՝ Ռոյ Մանուկեան, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Գարասու։
Կազմակերպիչներուն կողմէ յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ բոլոր մասնակիցներուն եւ իրաւարարներուն համար։