ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արա Յարութիւնեան վերջին օրերուն այց մը տուաւ Լիբանան։ Այս շրջագծով Արցախի վարչապետին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երկու առիթներով գտնուեցաւ Անթիլիասի մէջ։ Երէկ, Արա Յարութիւնեան ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Արցախի եւ Սփիւռքի համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան ընթացքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախի տնտեսական բարելաւման եւ անոր հզօրացման ի նպաստ ծրագրերուն Սփիւռքի կողմէ աւելի գործօն մասնակցութիւնը հրամայական մըն է։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցէն վերջ ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց Արցախի վարչապետը։
Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին ալ Արա Յարութիւնեան այցելած էր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, ուր ներկայ գտնուած էր Ս. Պատարագին։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին ան Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ ընդունուած էր Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ։