ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ Ս. Փ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ման­ման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ան­ցեալ Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան, Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած էր ի պա­տիւ մե­ծա­նուն վար­պե­տին։ Այդ հան­դի­սու­թե­նէն ա­ռաջ, ար­դէն քա­նի մը օ­րէ ի վեր Ա­րա Կիւ­լէր կը գտնուէր գեր­յոգ­նած վի­ճա­կի մէջ, իսկ հան­դի­սու­թե­նէն օր մը վերջ՝ Եր­կու­շաբ­թի, իր մօտ խո­րա­ցած է այդ պա­րա­գան։ Իր օգ­նա­կան­նե­րը զին­քը նախ ա­ռաջ­նոր­դած են Ա­մե­րի­կեան հի­ւան­դա­նոց, ուր կա­տա­րուած քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին պար­զուած է, որ վար­պե­տը պէտք է մնայ հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։ Այդ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան դի­մաց՝ Ա­րա Կիւ­լէր նա­խընտ­րած է մնալ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ, ուր փո­խադ­րուած է իս­կոյն։ Բժիշկ­նե­րը ան­մի­ջա­կան խնամ­քի տակ ա­ռած են մե­ծա­նուն վար­պե­տը, ո­րու  մօտ յա­ռա­ջա­ցած է թո­քե­րու թե­թեւ բոր­բո­քում մը։ Իր դար­մա­նու­մը կը շա­րու­նա­կուի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ, ուր­կէ ան ա­տեն-ա­տեն բաժ­նուե­լով կը մեկ­նի նաեւ իր ըն­թա­ցիկ տիա­լիզ­նե­րուն։

Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ա­ռանձ­նա­պէս մտա­հո­գիչ հան­գա­մանք մը գո­յու­թիւն չու­նի Ա­րա Կիւ­լէ­րի պա­րա­գա­յին, իր տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձր է եւ մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ պի­տի շա­րու­նա­կուի իր դար­մա­նու­մը։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016