ՄԻՆՉԵՒ 12 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր Ժի­րայր Օ­հա­նեան Չա­քը­րի յի­շա­տա­կին։ Մին­չեւ տաս­ներ­կու տա­րե­կան մար­զիկ­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ա­րագ ճատ­րա­կի մրցա­շարք մըն էր այս մէ­կը, ո­րու սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան։ Այս մրցա­շար­քը ար­դէն մաս կը կազ­մէ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան մրցա­շար­քե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին։

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ եւս մաս­նակ­ցած են այս մրցա­շար­քին։ Մա­սիս Գա­րա, Փառէն Մե­ծա­տուր, Տա­րօն Սի­րա­կա­նեան, Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլ եւ Տիգ­րան Էօզ­պիւլ­պիւլ ներ­կա­յա­ցու­ցած են Ֆէ­րի­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նը։ Բաց աս­տի, Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նէն ալ մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցած են Ռոյ Սո­մէր եւ Ժան Սո­մէր։

Մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մեց Փա­ռէն Մե­ծա­տուր, որ հան­դի­սա­ցաւ եր­րորդ։ 6-ի վրայ 4.5 նիշ ա­պահովե­լով ան ար­ձա­նագ­րեց ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Հարկ է նշել, որ Փա­ռէն Մե­ծա­տուր կը ստա­նայ ճատ­րա­կի կրթու­թիւն։

Այս մրցա­շար­քի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն։ Ներ­կայ էին նաեւ հան­գու­ցեալ Ժի­րայր Օ­հա­նեան Չա­քը­րի հա­րա­զատ­նե­րը՝ Լինտա Օհանեան Չաքըր, Սա­յաթ Մու­րա­տօղ­լու, ինչ­պէս նաեւ ճատ­րա­կի բնա­գա­ւա­ռէն յայտ­նի դէմ­քեր։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016