ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ այս հաստատութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանը՝ անոր ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել Գումգաբու։ Նորին Սրբազնութիւնը հիւրընկալեց Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի ատենապետ Յարութիւն Քիլէճիի, 50-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Նաժտա Շատեանի եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի կողմէ գլխաւորուած խումբը։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութեան ուշադրութեան յանձնուեցաւ, թէ մօտաւոր ապագային պիտի սկսի 50-ամեակի ծրագրին գործադրութիւնը։ Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները այս նախագծին համար խնդրեցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։
Ընդհանուր Փոխանորդը սիրով ընդառաջեց ներկայացուած խնդրանքին, ողջունեց այս յատկանշական յոբելեանը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այս յոբելենական ծրագրին մէջ։