ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
«Պողազիչի» տեսողական արուեստներու հաւաքականութիւնը երէկ երեկոյեան ներկայացում մը սարքեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ։ «Kim var orada? Muhsin Bey'in son Hamleti» խորագրեալ խաղը արժանացաւ թատերասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ այլ հիւրեր։
Դերակատարներ՝ Պանու Աչըքտենիզ, Ճիւնէյթ Եալազ եւ Իլքէր Եասին Քեսկին ներկայացուցին այս խաղը, որու բեմագրութիւնը կը վերաբերի թատրոնի երկու մեծ վարպետներու՝ Վահրամ Փափազեանի եւ Մուհսին Էրթուղրուլի վերաբերեալ պատմութեան մը։