ԵԶ­ՆԻԿ ԵՒ «ԵՂԾ Ա­ՂԱՆ­ԴՈՑ»

Եզ­նիկ կը ճանչ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս Կո­րիւ­նի եւ Խո­րե­նա­ցիի հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու չա­փով։ Եզ­նիկ, այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն ծնած է Կողբ գիւ­ղին մէջ, Դ. դա­րուն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ Ան, իր ծննդա­վայ­րի ա­նու­նով կո­չուած է «Կող­բա­ցի»։ Իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ։ Եզ­նիկ Ե. դա­րու ա­մե­նէն ու­շագ­րաւ եւ ինք­նա­տիպ մա­տե­նա­գիր­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է։ Լաւ թարգ­մա­նիչ մը ե­ղած է նաեւ ան՝ տե­ղեակ ըլ­լա­լով յու­նա­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի եւ ա­սո­րե­րէ­նի։

Եզ­նիկ, թարգ­մա­նիչ­նե­րու ա­ռա­ջին փա­ղան­գին ա­մե­նէն կար­կա­ռուն դէմ­քը ճանչ­ցուած է՝ լե­զուա­գի­տու­թեամբ, մա­տե­նագ­րա­կան բազ­մա­կող­մա­նի հմտու­թեամբ։

«Եղծ Ա­ղան­դոց» մե­ծար­ժէք եր­կը կը կազ­մէ իս­կա­կան փառ­քը հե­ղի­նա­կին։ Այս աշ­խա­տա­սի­րու­թեան նպա­տակն է՝ հեր­քել այն բո­լոր մո­լոր վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք մուտք կը գտնէին երկ­րէն ներս։ Ուս­տի մշա­կու­թա­յին կո՛ւռ շար­ժու­մին ա­ռըն­թեր, պէտք էր պայ­քա­րիլ նաեւ այս բո­լոր մո­լո­րում­նե­րուն դէմ։

Եւ Եզ­նիկ Կող­բա­ցի միակ ձեռն­հաս եւ պատ­րաս­տուած անձն էր այս նուի­րա­կան գոր­ծին հա­մար։

Ուս­տի «Եղծ Ա­ղան­դոց»ը ջա­տա­գո­վա­կան ձեռ­նարկ մըն է՝ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար քրիս­տո­նէա­կան ուղ­ղա­փառ հա­ւատ­քը՝ ընդ­դէմ հե­թա­նո­սա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու եւ ա­ռաս­պել­նե­րու ու ա­ղան­դա­ւո­րա­կան մո­լո­րա­կան վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րու։

Ստո­րեւ «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն հա­տուած­ներ կը ներ­կա­յաց­նենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն՝ Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Խա­չա­տու­րեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ինք­նա­տի­պին։

ՄԱՐ­ԴՈՒՆ ԲՆԱԶ­ԴԸ.

«Եւ ոչ միայն ա­նա­սուն­նե­րուն մէջ կան բնազդ­ներ, այլ նաեւ մար­դոց մէջ՝ որ խօ­սուն են եւ ի­մաս­տուն։ Այս­պէս, երբ աչ­քը կը խա­ղայ՝ բնազ­դու­մով նոր մէ­կը տես­նե­լու նշան է,- կ՚ը­սեն. եւ ա­դոր կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան յա­ճախ։ Երբ ե­րան­քին (ե­րանք=զիստ, ծուն­կէն վեր սրուն­քի հաստ մաս, ա­գո­մէջ՝ եր­կու ազդ­րե­րու մի­ջե­ւը) կամ ու­րիշ ան­դամ­նե­րու մէջ մի­սը խա­ղայ՝ ձի հեծ­նե­լու, կամ ազ­նիւ զգես­ներ հագ­նե­լու, կամ սի­րե­լիին պա­տա­հե­լու, կամ ծեծ ու­տե­լու նշան է,- կ՚ը­սեն։ Նոյն­պէս, երբ ոտ­քը կճում (կճել=խայ­թել, վի­րա­ւո­րել, կծել) կ՚ու­նե­նայ կամ ձեռ­քը, ա­ռա­ջի­նը,- կ՚ը­սեն. նշան է ճամ­բոր­դու­թիւն ը­նե­լու, եւ երկ­րոր­դը՝ բան մը առ­նե­լու մէ­կէն կամ տա­լու մէ­կուն։ (Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- «կճում» կա­րե­լի է հասկ­նալ նաեւ՝ ոտ­քի կամ ձեռ­քի վրայ զգալ խայ­թո­ցի մը պատ­ճա­ռած կսկի­ծը կամ լուռ ցա­ւը)։ Ն­մա­նա­պէս, փռնգ­­տա­լը, լե­զուն խած­նե­լը, ա­կան­ջին խօ­սի­լը, կո­կոր­դին կճե­լը՝ ո՛չ թէ դե­ւի մը կող­մէ կ՚ըլ­լայ այլ այն բնազ­դէն՝ զոր ա­րա­րի­չը ան­կած է ան­դամ­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի երբ մարդ խո­հե­մա­կան զգու­շա­ւո­րու­թեան մէջ եղ­ծա­նի (եղ­ծա­նել=ա­պա­կա­նել, ա­ղա­ւա­ղել, աւ­րել, խան­գա­րել, գէշ դարձ­նել), բնազ­դու­մով պատս­պա­րուի։

«Եւ յօ­րան­ջելն ու ձգտի­լը (=դէ­պի յա­ռաջ եր­կա­րիլ), ինչ­պէս ո­մանք կար­ծե­ցին, ո՛չ թէ դե­ւէն՝ այլ մարմ­նի մեղ­կու­թե­նէն եւ թու­լու­թե­նէն կու գայ։ Ա­սոր հա­մար ստէպ յօ­րան­ջե­լու եւ ձգտե­լու պատ­ճա­ռը՝ հմուտ բժիշկ­նե­րը մա­ղա­սի մթե­րուի­լը (=թանձր թու­քի՝ խու­խի հա­ւա­քուի­լը) կը նկա­տեն, եւ փորձն ալ ցոյց կու տայ, վասն­զի երբ մէ­կը ստէպ կը յօ­րան­ջէ՝ դող կու գայ ոս­կոր­նե­րուն վրայ, եւ սար­սուռ­ներ կը քա­լեն ան­դամ­նե­րուն մէջ։

«Ոչ ալ փռնգ­­տա­լը (=քի­թէն բեր­նէն ուժ­գին օդ դուրս տալ) դե­ւէն է, այլ կամ ցուր­տէն կամ ու­րիշ բնազ­դե­ցու­թե­նէ մը։ Նաեւ հա­ռա­չե­լը (=հե­ծել, ա՜խ քա­շել) ար­դիւնք է եր­բեմն բան մը յի­շե­լուն, եւ եր­բեմն ալ կ՚ըլ­լայ ա­ռանց մէ­կը յի­շե­լու։ Եւ թէ՝ բնազդ­մունք են եւ ոչ թէ դե­ւե­րէ, յայտ­նի է ա­նով, որ ա­նա­սուն­նե­րու բնու­թեան մէջ ալ կը գտնուին նոյ­նե­րը։ Եւ հա­ռա­չե­լը, երբ կ՚ըլ­լայ ա­ռանց մէ­կը կամ բա­րի բան մը կամ վիշտ մը յի­շե­լու՝ բնազդ­մունք է՝ մէկն Աս­տու­ծոյ եր­կիւ­ղին տակ ամ­փո­փե­լու եւ իր բնու­թեան տկա­րու­թիւ­նը ճանչց­նե­լու ա­նոր։ Եւ երբ յի­շո­ղու­թեամբ ըլ­լայ, ար­դիւնք է սի­րե­լիի սի­րոյն կամ ա­նար­ժան եւ վնա­սա­կար գոր­ծե­լու վրայ զղջա­լու։ Ինչ­պէս երբ մէ­կը արթ­նու­թեան ա­տեն ծու­լա­նայ, գի­շե­րա­յին ե­րազ­նե­րով վա­խէն կը կծկուի»։­

Ե­ՐԱԶ­ՆԵ­ՐԸ, ՏԵ­ՍԻԼ­ՆԵ­ՐԸ ԵՒ ՑՆՈՐՔ­ՆԵ­ՐԸ.

«Եւ ե­րազ­նե­րը ու­նին այլ եւ այլ պատ­ճառ­ներ։ Կայ պա­րա­գայ, որ երբ մարդ բեր­նով բան մը կը խօ­սի, նոյն բա­նով միտ­քը կը զբա­ղի նաեւ, երբ մար­մի­նը կը հանգս­տա­նայ եւ կը քնա­նայ. կայ պա­րա­գայ ալ, որ բա­նի մը վրայ չի մտա­ծեր, եւ սա­կայն կը տես­նէ ե­րա­զին մէջ։ Եւ ա­սոր պատ­ճառ­ներն ալ եր­կու են։

«Կամ հաս­տա­տուն բան մը տես­նել, որ­պէս թէ հա­յե­լիի մը մէ­ջէն, եւ ո՛չ թէ յայտ յան­դի­ման ճշմար­տու­թեամբ,- Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րուն ազ­դե­ցու­թեամբ՝ մար­դը լա­ւու­թեան յոր­դո­րե­լու հա­մար. այս­պէս՝ Յով­սէփ եւ Դա­նիէլ մե­ծա­մեծ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին տե­սիլ­ներ ու­նե­ցան։

«Մէկ ալ հա­կա­ռա­կոր­դէն-դե­ւէն. ո­րով­հե­տեւ ան ան­մար­մին է, ինչ­պէս մար­դուն շուն­չը ան­մար­մին է, ուս­տի տե­սակ տե­սակ կեր­պա­րանք­ներ կը պատ­կե­րաց­նէ աչ­քի առ­ջեւ, եր­բեմն կի­նե­րու՝ ցան­կու­թեան գրգռե­լու հա­մար, եւ եր­բեմն ա­հա­գին գա­զան­նե­րու եւ սո­ղուն­նե­րու՝ զար­հու­րեց­նե­լու հա­մար. ինչ­պէս Յոբն ալ կ՚ը­սէ.- Ե­րազ­նե­րով կը զար­հու­րեց­նես զիս (ՅՈԲ. Է 14)։ Եւ շատ ան­գամ կնոջ կեր­պա­րանք առ­նե­լով՝ կը խա­բէ մար­դիկ ե­րա­զի մէջ, եւ եր­բեմն ալ այ­րա­կան կեր­պա­րան­քի տակ մտնե­լով՝ կի­նե­րը կը հրա­պու­րէ։

«Ոչ թէ ա­րուա­կան եւ ի­գա­կան ան­դամ­ներ ու­նին ա­նոնք, այլ ցան­կու­թեան ա­մա­նը խախ­տաց­նե­լով՝ ա­րու­թիւ­նը դուրս թա­փել կու տան։ Եւ երբ մար­դուն մէջ մտած՝ ա­րուա­կան կամ ի­գա­կան ձայն կը ձե­ւաց­նէ, պէտք չէ հա­ւա­տալ, թէ ա­րու­թիւն կամ ի­գու­թիւն ու­նի ան, ոչ ալ կա­րե­լի է հա­ւա­տալ, երբ ան ցոյց տայ, թէ կը վախ­նայ գա­ւա­զա­նէ եւ սու­րէ. վասն­զի ա­նոր գա­ւա­զա­նը Աս­տու­ծոյ սա՛ստն է եւ սուր­բե­րուն շնորհ­քը՝ զոր սուրբ Հո­գիէն կ՚ըն­դու­նին։

«Կամ արթ­նու­թեան եւ կամ քաղց­րա­քուն հան­գիս­տի մի­ջո­ցին ցոյց կու տայ, թէ գա­ւա­զա­նէ եւ սու­րէ կը վախ­նայ, որ­պէս­զի մար­դիկ ա­դոր ա­պա­ւի­նե­լով՝ ծու­լաց­նէ զա­նոնք խնդրե­լու Աս­տուծ­մէ օգ­նու­թիւն։ Եւ Տէրն իսկ կը յայտ­նէ, թէ՝ Այդ­պի­սի ո­գի մը ա­ղօթ­քով ու ծո­մա­պա­հու­թեամբ կա­րե­լի է հա­նել (ՄԱՐԿ. Թ 28)։

«Եւ մար­դուս բո­լոր թու­լա­նալն ու ցնո­րի­լը ոչ թէ դե­ւէն է, այլ կա՛մ մաղ­ձէն, կա՛մ մա­ղա­սէն, կա՛մ ու­ղե­ղին մեծ­նա­լէն, կ՛ամ ստա­մոք­սի խան­գա­րու­մէն, կա՛մ ո­րո­վայ­նի պնդու­թե­նէն, ո­րոնք մին­չեւ ան­գամ պատ­ճառ կ՚ըլ­լան փրփրե­լու եւ աչ­քը դարձմշտ­կե­լու»։

­ՉԱ­ՐԻՆ ՊԱՏ­ՃԱ­ՌԸ.

«Եւ ե­թէ ախ­տե­րը, հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը, տա­րա­ժամ մա­հե­րը եւ մա՛հն ինք­նին չար ա­րա­րի­չէ մը ե­ղած կար­ծեն, ե­թէ հա­ւա­տա­յին աս­տուա­ծա­յին օ­րէնք­նե­րուն՝ այդ օ­րէնք­նե­րը կու տա­յին պա­տաս­խան։ Բայց ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք չար ա­րար­չին կը վե­րագ­րեն այս­պի­սի ան­հար­թու­թիւն­ներ, հարց­նենք մենք ալ ա­նոնց.- բա­րիին եւ չա­րին ա­րա­րիչ­նե­րէն ո՞ր մէ­կը միւ­սէն զօ­րա­ւոր է։

«Ե­թէ ը­սեն, թէ բա­րիին ա­րա­րիչն է զօ­րա­ւոր՝ կը ստեն. վասն­զի նա, ե­թէ չա­րի ա­րա­րի­չէն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր ե­ղած ըլ­լար, թոյլ չէ՛ր տար, որ ան վնաս հասց­նէր իր բա­րի ա­րա­րած­նե­րուն. նոյն իսկ տեղ ալ պէտք չէր տար ա­նոր իր վայ­րե­րուն մէջ։

«Վասն­զի ե­թէ կա­րող մէկն ե­ղած ըլ­լար՝ ան­կից հե­ռու տեղ մը կ՚ու­նե­նար ի­րեն հա­մար, եւ ա­պա կը ստեղ­ծէր ա­րա­րած­ներ ինչ­պէս որ կա­րող էր…»։

- Պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով պի­տի շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն հա­տուած­ներ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 14, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016