ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին եւ այս տարի կազմակերպուեցաւ երկրորդ անգամ։ Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան հանդիպումները։ Իսթանպուլահայ տասներկու միջնակարգերու կողմէ խումբեր մասնակցութիւն բերին խաղերուն։ Այսօրուան մրցանակաբաշխութիւնով մրցաշարքը կը հասնի իր աւարտին։
Մրցաշարքին մասնակից վարժարաններն են՝ Մէրամէթճեան, Գարակէօզեան, Տատեան, Եշիլգիւղ, Պէզճեան, Սահակեան-Նունեան, Պոմոնթի Մխիթարեան, Լեւոն-Վարդուհեան, Էսաեան, Արամեան-Ունճեան, Թարգմանչաց եւ Մխիթարեան։