ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ
Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, Մեծ պահոց եօթը կիրակիները նուիրուած են զանազան յիշատակներու՝ որոնք թէ՛ որպէս Սուրբ գրային իրադարձութիւններ եւ թէ որպէս խրատական առակներ խօսուած են մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Եւ ահաւասիկ այս կիրակիներուն եօթներորդը, այսինքն վերջինն է՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին նուիրուած՝ որ կը կոչուի Ծաղկազարդ։
Զաքարիա մարգարէ սապէս կը մարգարէանայ այս դէպքին մասին, երբ կ՚ըսէ. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (ԶԱՔԱՐ. Թ 9)։
Երբ նկատի առնուի, թէ՝ Զաքարիա մարգարէացած է Քրիստոսէ առաջ 520-518 թուականներուն, եւ Մատթէոս, Ղուկաս, Մարկոս եւ Յովհաննէս Աւետարանիչներու վկայութեան միջոցով կը հաստատուի այս դէպքին կարեւորութիւնը։ Ուստի երեք Աւետարանիչներ բացայայտ կերպով կը հաստատեն Քրիստոսէ հինգ դար առաջ կատարուած այս մարգարէութիւնը։
Արդարեւ հինգ հարիւր տարի վերջ կատարելի իրադարձութեան մը մասին խօսիլ՝ կեանքի բնական ընթացքին մէջ անկարելի կը թուի, բայց միա՛յն աստուածաշունչ մարգարէութեամբ, ի՛նչ որ կը հաստատէ անոր ճշմարտութի՛ւնը։
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ կը բացատրէ՝ թէ ինչո՞ւ այս դէպքը կոչուած է «Ծաղկազարդ»։
«Ծաղկազարդ անունով կը կոչենք մենք Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան տօնը, որ Զատկէն շաբաթ մը առաջ կը կատարուի, եւ սակայն ո՛չ աւետարանական պատմութեան մէջ եւ ոչ աւանդական յիշատակութեան մէջ, եւ ոչ իսկ օրուան արարողութիւններուն մէջ ծաղիկի խօսք չկայ։
«Ուրիշ ազգերու մէջ ալ այդ իմաստով ակնարկութիւն մը չկա՛յ, հետեւաբար -Ծաղկազարդ- անունը զուտ հայ ըլլալով հանդերձ, տօնական կամ քրիստոնէական ծագում ալ չունի, իրաւացի կը գտնենք հետեւցնել, թէ Ծաղկազարդը հին ու հեթանոսական տօն մըն էր Հայոց մէջ, նման Վարդավառ անուան, որ ժամանակներու եւ պարագաներու նմանութեամբ Գալուս յԵրուսաղէմ տօնին հետ խառնուեցաւ, եւ մէկուն անունը միւսին տրուեցաւ եւ այդպէս շարունակուեցաւ։
«Ծառզարդար անուն մըն ալ կայ՝ որ ժողովուրդին բերնին մէջ կը տրուի Ծաղկազարդին։
«Եթէ այդ անունն ալ հին ժամանակներու տօնի մը անունը չէ Ծաղկազարդէն անկախ, կրնայ քրիստոնէական ծագում ունեցած ըլլալ, որովհետեւ Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան առթիւ ծառերու ճիւղերով հանդէս կազմուեցաւ, եւ մինչեւ հիմա ձիթենիի, եւ ո՛ւր որ ձիթենի չկայ՝ ուռենիի ոստեր կը բաշխուին ամէնուն եկեղեցիին մէջ, Ծաղկազարդի առտուն»։
Իսկ «Գալուստ յԵրուսաղէմ»ի մասին, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս, նոյն բառարանին մէջ կ՚ըսէ.
«Գալուստ յԵրուսաղէմ, այսինքն Ծաղկազարդի օրուան տօնը՝ որով կը յիշատակուի Քրիստոսի հանդիսաւոր կերպով Երուսաղէմ մտնելը, Իր մահուան նախընթաց վերջին միաշաբաթի օրը։
«Քրիստոս իր կեանքին վերջին հինգ ամիսները Գալիլիայէն հեռու անցուցած էր Հրէաստանի ու Պիրէայի կողմերը։ Գալիլիացիներ որ այնչափ Քրիստոսի բարութիւնները վայելած էին, կարօտցած էին իր տեսոյն։ Զատկի առթիւ բազմութիւն մը ուխտի եկած էր Երուսաղէմ, երբ լսեցին թէ Քրիստոս Շաբաթ օր Բեթանիա գիւղը անցուցած է, եւ միաշաբաթին Երուսաղէմ պիտի այցելէ, այս առթիւ յաղթական ու փառաւոր ընդունելութիւն մը պատրաստեցին իրեն, եւ ոստերով ու երգերով դիմաւորեցին զինք, Ձիթենեաց լերան կողմէն։
«Քրիստոս նոր պարագայ մը աւելցուց հանդէսին՝ Բեթփայէ գիւղէն մատակ (=էգ չորքոտանի) էշ մը գտնելով եւ վրայ հեծնելով՝ որուն աւանակն ալ (=իշու ձագ, իշուկ) մէկտեղ էր։
«Այդ գալստեան խորհուրդը կը յիշատակուի Զատկին նախընթաց Կիրակին՝ որ Զատկին հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունի՝ Մարտ 15-էն մինչեւ Ապրիլ 18»։
Եւ դարձեալ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս, իր «Համապատում»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Երբոր Յիսուս էշին վրայ հեծած ժողովուրդին մէջ երեւցաւ, կարծես թէ հանդիսական ցոյցը նոր փայլ մը առաւ, եւ ժողովրդական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ։ Էշին վրայ հեծնելը անարգ բան մը չէր, ինչպէս որ մենք այսօր կը կարծենք, մեր ժամանակի գաղափարներով։
«Հին ատեններ էշը սովորական հեծնելու կենդանի մըն էր, թէպէտ երիվարէն (=ընտիր ձի, հեծնելու ձի) աւելի վար, բայց ո՛չ ըստ ինքեան ստորին, քանի որ ձին հարաւային երկիրներու մէջ թագաւորներու եւ իշխաններու սեփական բացառիկ առաւելութիւն մըն էր։
«Այսօր ալ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի մէջ էշ հեծնելը պատուաւոր հանգամանք ունի։
«Յիսուս ալ սովորական եղած պատուաւոր ձեւ մը գործածած եղաւ, թէպէտ բացառիկ բարձրութենէ համեստութեամբ խուսափելով, ժողովուրդն ալ նոյն զգացմամբ պատուոյ եւ փառաց նշաններ սկսաւ առատացնել այդ պարագային։ Առաջին նշանն էր ամէնուն ձեռքը կանանչ ոստեր բռնել, զորս Ձիթենեաց լերան ծառերէն կը կտրէին, եւ ձիթենիի ոստն էր աւելի մէջտեղ երեւցողը, թէպէտ արմաւենիի ոստեր ալ կային, ինչպէս Յովհաննէս կը յիշէ…։
«Բեթանիայի շուրջ, տաղաւարներու տօնին կը գործածուէր արմաւենիի ոստեր, որուն անունն ալ լաւագոյն ստուգաբանութեամբ -Տուն արմաւի- կը թարգմանուի…»։
Ահա ա՛յսպէս կը կատարուէր հինգ հարիւր տարուան մարգարէութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 12, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024