ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԱԾ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած եւ այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քը նա­խա­տե­սուած էր միջ­նա­կարգ­նե­րու մա­կար­դա­կին հա­մար։

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­պում­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին ա­խո­յեա­նի բա­ժա­կը նուա­ճեց Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին խում­բը։ Երկ­րորդ հան­դի­սա­ցաւ Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը, եր­րորդ՝ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը եւ չոր­րորդ՝ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը։

Ա­ւար­տա­կան խա­ղէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան եւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեա­նին։ Ա­ւե­լի վերջ դափ­նե­կիր­նե­րը եւ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը ստա­ցան պար­գեւ­ներ։ Ներ­կայ էր նաեւ հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի որ­դին՝ Ռո­պէր Տա­տեան, ո­րուն ալ յանձ­նուե­ցաւ ծաղ­կե­փունջ մը եւ ան շնոր­հա­ւո­րեց իր լու­սա­հո­գի հօր յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քին մաս­նա­կից­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ բո­լո­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին ջեր­մօ­րէն ու ժա­մադ­րուե­ցան գալ տա­րուան հա­մար։ 

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016