ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը այ­սօր կը դի­մա­ւորեն Ա­ւագ շա­բա­թը։ Մեծ պա­հոց հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րով լի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի վեր­ջին շա­բա­թը բո­լո­րին կող­մէ կը դի­մա­ւո­րուի խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ։ Այս շաբ­թուան ըն­թաց­քին Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ կամ կը վեր­յի­շէ այն­պի­սի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ա­ռանց­քը կը բնո­րո­շեն։ Բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Ա­ւագ շա­բաթ կը թե­ւա­կո­խեն՝ ար­դէն շա­բա­թա­վեր­ջին զի­րար Ս. Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը ող­ջու­նե­լու սպա­սու­մով։

Իսկ ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նշեց Ծաղ­կա­զար­դը, որ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քի տօնն է։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը տա­րի­նե­րէ ի վեր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը նշուի որ­պէս մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան օր։ Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րի շրջա­փա­կէն ներս, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թե­նէն վերջ Նո­րին Սրբու­թեան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­դաս­տան եւ մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան յա­տուկ կարգ։ Շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեան եւ օ­րուայ խոր­հուր­դին հա­մա­հունչ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տուած­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րէն վերջ օրհ­նուե­ցան աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը, ա­պա Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բաշ­խեց իր օրհ­նու­թիւ­նը Էջ­միած­նէն եւ Հա­յաս­տա­նի այլ բնա­կա­վայ­րե­րէն Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նած մա­նուկ­նե­րուն։ Այս առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բարձր գնա­հա­տեց մայ­րա­վան­քէ ներս հա­մախմբուած մա­նուկ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը, ներ­կա­յա­ցուց օ­րուան խոր­հուր­դը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ Աս­տուած օրհ­նէ բո­լոր մա­նուկ­նե­րը, Աս­տու­ծոյ սէ­րը, շնորհն ու ո­ղոր­մու­թիւ­նը մշտա­պէս ըլ­լան բո­լո­րին հետ եւ հայ մա­նուկ­նե­րը ապ­րին Տի­րոջ օրհ­նու­թեան ներ­քեւ՝ վա­յե­լե­լով ի­րենց ծնող­նե­րուն սէ­րը, գուր­գու­րանքն ու խնամ­քը։ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մա­նուկ­նե­րուն ըն­ծա­յեց խա­չեր։

Այ­նու­հե­տեւ, Մայր Տա­ճա­րի մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ գլխա­ւորուած հո­գե­ւո­րա­կա­նաց թա­փօ­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայր Տա­ճար, ուր պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րակ­ու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

Յա­ւա­րատ Ս. Պա­տա­րա­գի, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ վերս­տին կա­տա­րուե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ Մայր Ա­թո­ռի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեա­կին կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Ծաղ­կա­զար­դը Մայր Ա­թո­ռի մէջ» ծրագ­րին մաս­նա­կից­նե­րը։ Այս առ­թիւ Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նած էին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան թե­մե­րէն հա­մեստ ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րեք հա­րիւր մա­նուկ­ներ, ո­րոնց­մէ հա­րիւ­րը սու­րիա­հա­յեր էին։

Օրհ­նու­թեան կար­գէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րեց մա­նուկ­նե­րը եւ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցուց տօ­նին խոր­հուր­դը։ Ան ը­սաւ, թէ Ծաղ­կա­զար­դի օ­րով Յի­սուս մուտք կը գոր­ծէ հո­գիի տա­ճար­ներ, նաեւ ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Երկ­նա­ւոր Տի­րոջ­մէ հայ­ցեց, որ­պէս­զի իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը հե­ղէ աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րուն պա­տե­րազ­մի տա­ռա­պանք­ներ կրող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին։ Ա­պա Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաղ­թեց, որ Երկ­նա­ւոր Տէ­րը մուտք գոր­ծէ բո­լո­րի սրտե­րէն ներս եւ սրբա­գոր­ծէ բո­լոր չար մտա­ծում­ներն ու խորհուրդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան մաքուր սրտով կա­ռու­ցել ի­րենց կեան­քը, զօ­րաց­նեն եր­կի­րը, բա­րօր ու շէն դարձ­նեն ազ­գա­յին կեան­քը։

Խօ­սե­լով մա­նուկ­նե­րուն նմա­նե­լու տէ­րու­նա­պատուէր կո­չին մա­սին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ. «Սի­րենք մեր մա­նուկ­նե­րը, ինչ­պէս Տէ­րը սի­րեց եւ մշտա­կան գուր­գու­րան­քի ա­ռար­կայ դարձ­նենք զա­նոնք։ Ոչ միայն ծնող­նե­րը, այլ նաեւ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նին մէջ թող նպաս­տէ, որ­պէս­զի մեր մա­նուկ­նե­րը եր­ջա­նիկ ապրին, հա­սակ առ­նեն սի­րոյ մէջ, դառ­նան մեր ազ­գի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րը»։

Նոյն­պէս ե­րէկ, Էջ­միա­ծին քա­ղա­քի «Հրաչ եւ Սիւ­զան Թու­ֆաեան» հա­յոր­դեաց տան եր­դի­քին տակ մա­նուկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ տօ­նա­կան հա­մերգ մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը ստա­ցան նաեւ նուէր­ներ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ալ երէկ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղի բնակիչ շուրջ հարիւր մանուկներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը։ Մանուկներուն բաժնուեցան ձիթենիի ճիւղեր եւ տուրմեր։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016