ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՅ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
«Արամէ» ցուցադրասրահի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին եւ «Սիլվանա» ցուցադրասրահին համագործակցութեամբ, «Ժամանակակից արուեստի հայ վարպետներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Մարտի 12-26 թուականներուն, «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին, որու ընթացքին կը ցուցադրուին ստեղծագործութիւնները շարք մը արուեստագէտներու, ներառեալ՝ Ռուբէն Աբովեան, Շոթա Ոսկանեան, Սարգիս Համալպաշեան, Տիգրան Մաթուլեան, Տիգրան Պարխանաճեան, Գագիկ Գազանճեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Արամ Յակոբեան, Աւետիս Խաչատրեան, Մարաթ Մարգարեան, Արամազդ Պետրոսեան, Քարլոս Սայաթեան, Լիլիթ Սողոմոնեան եւ Կայծ Վանիքեան։