ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ
«Փորձառութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է», կ՚ըսէ Թովմաս Քարլայլ։ Եւ իրապէս, եթէ գիտութիւնը եւ աշխատութիւնը անհրաժեշտ են յաջողութեան համար որեւէ մարզի մէջ, փորձառութիւնն ալ նոյնքան անհրաժե՛շտ է կատարելութեան համար։
Ուստի առանց փորձառութեան գիտութիւնը չի կրնար կատարել իր դերը յաջողութեան մէջ, որքան ալ ան ընկերակցի աշխատութեան։
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, անշուշտ գիտութեան, աշխատութեան եւ փորձառութեան պէ՛տք է միանայ կարգապահութիւնը։ Եւ այս չորս ազդակներն են որ մարդս կը հասցնեն կատարեալ յաջողութեան, անթերի կատարելութեան։
Մարդ փորձառութեան օժանդակութեամբ կրնայ օգտագործել իր գիտութիւնը եւ զայն զարգացնել աշխատութեամբ, մի՛շտ կարգապահութեան հաւատարիմ մնալով անշուշտ։
Արդարեւ, իր լայն առումով «փորձառութիւն» կը նշանակէ՝ վարժութիւն եւ հմտութիւն։ Այն ինչ որ վարժութեամբ հմտութիւն, այսինքն խոր եւ ընդարձակ ծանօթութիւն ունենալ եւ մասնագիտացում ձեռք ձգել։
Եւ այս խոր ու ընդարձակ ծանօթութիւնը կարելի է ստանալ փորձառութեամբ։ Իսկ փորձառութիւնը կը կարօտի ժամանակի։ Եւ այն որ ժամանակի կը կարօտի՝ պէտք ունի համբերութեան։ Ուստի մարդ սպասելու եւ տոկալու կարողութիւն ունենալու է՝ որպէսզի կարենայ հմուտ եւ փորձ, փորձառութիւն ձեռք ձգէ։
Արդարեւ կեանքը ինքնին փորձառութեան ընդարձակ դաշտ մըն է՝ անշուշտ անոր անդրադարձողին համար։ Կեանքը անհամար դասերով եւ փորձառութեան առարկաներով լեցուն է՝ ամէն մէկուս համար եւ ամէն պահուն։ Եւ ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ, նեղութիւնը եւ համբերութիւնը կը գործէ, համբերութիւնը փորձառութիւն, փորձառութիւնը յոյս, իսկ յոյսը սէր կը ստեղծէ։ Այն է որ նեղութեան եւ դժուարութեան հետ միասին համբերութիւն կու գայ մարդուս վրայ եւ որքան համբերէ այնքան կը զօրանայ հաւատքով, ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերէ, իսկ ինքնավստահութիւնը յսյսի աղբիւր է՝ որմէ սէր կը բխի։ Եւ սէրը կեա՛նքն իսկ է…։
Ըսինք, որ փորձառութիւնը կը կարօտի ժամանակի, ինչ որ կը նշանակէ համբերատար ըլլալ, կարենալ սպասել մինչեւ որ նպատակին հասնիլ կարելի ըլլայ։
Մարդուս նպատակը կատարեալ ըլլալ է, քանի որ ան կատարեալ ըլլալու կոչուած է. իսկ կատարելութեան համար ան պէտք ունի փորձառութեան եւ փորձառութիւնն ալ արդիւնք է՝ համբերութեան։
Ո՛վ որ պատրաստ է ի գին ամէն ինչի համբերել ու տոկալ զանազան նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու եւ հաստատ մնալ իր կոչումին մէջ մինչեւ վերջ՝ ա՛ն միայն պիտի հասնի իր նպատակին։
Մարդ եթէ համբերութիւն չունենայ եւ առանց փորձառութեան գործի լծուի, պիտի նմանի այն հունտին՝ որ չ՚աճիր այն հողին մէջ որ բերրի չէ։
Հունտի մը ուռճնալու եւ պարարտանալու համար չի բաւեր անոր լաւ ըլլալը, այլ պէտք է որ հողն ալ պարարտ ու բեղուն ըլլայ։
Գիտուն ըլլալ չի՛ բաւեր, այլ մարդ պէտք է նաեւ փորձառու ըլլայ, գիտութիւնը իր նպատակին գործածելու կերպը գիտնայ, ի՛նչ որ փարձառութեամբ ստացուած յատկութիւն մըն է։ Պէտք է գիտնալ, թէ փորձառութեան ճամբուն վրայ ամէն դժուարութիւն եւ նեղութիւն՝ քանդում կամ փլուզում չեն, այլ՝ պարզապէս բեկում, ուրեմն պէտք է դարմանել զայն, եւ շարունակել ճամբան։ Ուստի Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Կեանքի մէջ պատահած ձախողութիւնները՝ մարդս յաջողութեան բարձրացնող սանդուխի մը աստիճաններն են»։ Կարծեմ փորձառութիւնը եւ զայն ստեղծող համբերատարութիւնը ամենագեղեցիկ կերպով ցոյց տուող խորհուրդ մըն է այս։
Արդարեւ կոյրի մը համար տեսողութիւնը կորսնցուցած ըլլալ վատ բան մըն է, սակայն կա՛յ աւելի վատը՝ տեսնողի մը իր տեսիլքը կորսնցնե՛լը։ Ուստի այն որ կոյր է, չի տեսներ լոյսը, բայց ան որ աչազուրկ չէ եւ չի տեսներ լոյսը, ահաւասիկ այդ է սարսափելին եւ ա՛յդ է ահռելին։
Կեանքը մարդուս, ամէն պահ, բազմահազար փորձառութեան առիթներ կ՚ընծայէ, եւ սակայն ոմանք չեն անդրադառնար անոնց եւ անոնք կ՚ընդունին պարզ պատահարներ, դիպուածներ՝ որոնք կը ներկայանան դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ երբեմն ալ բարեպատեհութիւններու կերպով, մինչդեռ անոնք, ամէն մէկը փորձառութեան առիթներ են, ըսենք՝ դասեր կամ ուսուցումներ։
Իսկ ան, որ կեանքի ամէն երեւոյթէ կրնայ օգտուիլ՝ դաս մը առնելով, նոր փորձառութիւն մը կը ստանայ՝ որ պիտի կատարելագործէ զինք։ Առ այս, մարդ կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները եւ ժամանակի նշանները շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, շնորհիւ խոհական մարդոց խրատներուն եւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր պարգեւներուն օգնութեան։ Արդարեւ ամենակալ Հօր Աստուծոյ հանդէպ մարդուն հաւատքը կրնայ ենթարկուիլ փորձառութեան, ի դիմաց «չար»ին եւ «չարչարանք»ին։ Երբեմն կրնայ թուիլ, թէ Աստուած բացակայ է մեր շուրջ եւ անկարող՝ խափանելու չարը։ Սակայն Հայր Աստուած Իր ամենակարողութիւնը յայտնեց ամենախորհրդաւոր կերպով՝ Իր Որդիին կամովին ունայնացումով եւ Յարութեամբ, որոնց միջոցով Ան յաղթեց չարին։
Ահաւասիկ մարդու տեսանկիւնէն «փորձառութիւն» մը, խաչեալն Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն ու Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Եւ ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ.
«Քանի որ Աստուծոյ յիմարը աւելի՛ հզօր է քան մարդիկ, եւ ան աւելի՛ իմաստուն է քան մարդիկ։ Նոյնպէս՝ Աստուծոյ տկարը աւելի՛ զօրաւոր է քան մարդիկ» (Ա ԿՈՐՆ. Ա 25)։
Ուստի Աստուած, Ի՛նք կու տայ Իր ամենազօրութեանը գերագոյն ապացոյցը, երբ կը համբերէ եւ կը գթայ։ Առանց հաւատալու, թէ Աստուծոյ Սէրը «ամենազօր» է, ինչպէ՞ս հաւատալ, թէ Հայրը կրցաւ մարդը ստեղծել, Որդին՝ մարդկութիւնը փրկել, Սուրբ Հոգին՝ զայն սրբացնել։ Եւ բոլոր ասոնք, մարդուս համար ո՛չ թէ «գիտութիւն», այլ «փորձառութիւն»՝ զօրացա՛ծ հաւատքով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 18, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024