ԺԲ ԵՒ ԺԳ ԴԱՐԵՐՈՒՆ ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՀԱՅԵՐԸ

Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան գո­յու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րէն, հա­յե­րը՝ նկա­տի չառ­նե­լով յու­նաց կրօ­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րը, ա­նընդ­հատ գաղ­թած են դէ­պի Պո­լիս եւ այն­տեղ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են, եւ նոյն իսկ իշ­խա­նու­թեան ու կայս­րու­թեան հա­սած։

Ե-Զ դա­րե­րուն հա­յե­րու թի­ւը Պո­լի­սի մէջ մօ­տա­ւո­րա­պէս 3000 էր՝ բայց ան­շուշտ մեծ մա­սամբ «հո­ռո­մա­ցած»։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ար­դէն Ե դա­րէն հա­յեր կ՚ապ­րէին Պո­լիս։

Յու­նաց կրօ­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րու բուռն շրջա­նին՝ ԺԲ եւ ԺԳ դա­րե­րուն՝ Բիւ­զան­դիո­նի հայ հա­մայն­քը մեծ չէ՛ր կրնար ըլ­լալ եւ ա­ռան­ձին ե­պիս­կո­պո­սու­թիւն ու­նե­նալ. բայց վեր­ջե­րը՝ ԺԴ դա­րուն, երբ բիւ­զան­դա­կան կայս­րե­րը հետզ­հե­տէ տկա­րա­ցան, հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը՝ մա­նա­ւանդ Կի­լի­կիա­ցի­ներ, բազ­մա­ցաւ։ Ուս­տի այդ գաղ­թա­կան­նե­րը հաս­տա­տուե­ցան Ղա­լա­թիա՝ 1300-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, Ճե­նո­վա­կան գա­ղու­թին մօտ։

Այս գաղ­թա­կան­նե­րու հա­մար 1391 թուա­կա­նին, Թէո­դո­րոս Բ Կա­թո­ղի­կո­սի ժա­մա­նակ (Թէո­դո­րոս Բ Կի­լի­կե­ցի. 1382-1392) Կոմս ա­նու­նով Քէ­ֆէ­ցի հայ վա­ճա­ռա­կան մը Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին շի­նեց, որ մին­չեւ այ­սօր եւս կան­գուն է, ան­շուշտ նո­րո­գու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած։

Հա­ւա­նօ­րէն այս գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին ե­պիս­կո­պոսն էր Յու­սիկ, որ 1307 թուա­կա­նի Սսի Ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնուե­ցաւ, եւ ո­րը կը կո­չուի ե­պիս­կո­պոս «Ստին­պո­լայ»։ Ս­սի Ժո­ղո­վը հայ եւ միւս քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու  միու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը ըն­դու­նեց։ Այս թուա­կա­նէն յե­տոյ Պոլ­սոյ մէջ հայ ե­պիս­կո­պոս­ներ միա­ժա­մա­նակ (1433 թուա­կա­նին) կը յի­շուին Յով­հան­նէս եւ Ե­սա­յի ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ, ո­րոնց Եւ­գե­նոս Դ պա­պը կ՚ա­ռա­ջար­կէ Փլո­րեն­տիա­յի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցիլ, իսկ ա­նոնք՝ յայտ­նե­լով Հայ ե­կե­ղե­ցիի դա­ւա­նու­թիւ­նը, կը խոս­տա­նան այդ մա­սին ի­րենց կա­թո­ղի­կո­սին ծա­նու­ցա­նել։

Միա­ժա­մա­նակ նոյն քա­ղա­քին մէջ եր­կու ե­պիս­կո­պոս­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը այս մա­սին, այս միա՛յն կա­րող է հաս­տա­տել, թէ հայ գա­ղու­թը Պո­լի­սի մէջ բա­ւա­կան մեծ էր եւ ան­շուշտ եր­կու կամ ա­ւե­լի թա­ղե­րու մէջ, այն­պէս որ վե­րո­յի­շեալ 1433 թուա­կա­նէն յե­տոյ, երբ 1453 թուա­կա­նին Սուլ­թան Մէհ­մէդ Բ Պո­լի­սը ա­ռաւ, այն­տեղ ար­դէն կար բա­ւա­կան մեծ հայ գա­ղութ, մա­նա­ւանդ Ղա­լա­թիա­յի մէջ։ Պո­լի­սի ա­ռու­մէն ութ տա­րի վերջ՝ 1461 թուա­կա­նին Սուլ­թան Մէհ­մէդ Բ, հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հետ Պո­լիս կան­չեց իր եր­բեմ­նի ծա­նօթ Յո­վա­կիմ Ե­պիս­կո­պո­սը, որ Կու­տի­նա­յի եւ Բրու­սա­յի (Կու­տի­նա=Քէօ­թա­հիա, Բրու­սա=Պրու­սա, Պուր­սա) հա­յոց ա­ռաջ­նորդն էր եւ ա­նոր ա­ռան­ձին Ֆէր­մա­նով «բաթ­րիկ», այ­սինքն՝ պատ­րիարք կար­գեց. (Յո­վա­կիմ Ա Պրու­սա­ցի. 1461-1478)։ Եւ ա­հա այս ժա­մա­նա­կէն սկսաւ Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիար­քու­թիւ­նը, որ ա­նընդ­հատ մին­չեւ ցայժմ կը շա­րու­նա­կէ։

Հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րը սկզբնա­պէս ըն­դար­ձակ չէր. այդ ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կուած էր փոքր Ա­սիոյ մի քա­նի մեր­ձա­ւոր մա­սե­րով. բայց հետզ­հե­տէ Օս­մա­նեան Տէ­րու­թեան ըն­դար­ձա­կուե­լո­վը՝ բարձ­րա­ցաւ նաեւ «մայ­րա­քա­ղա­քի հայ ե­պիս­կո­պոս»ի դիր­քը։ Այս­պէս եւ ան դար­ձաւ միւս «թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ»ն ու ա­նոնց հաս­տա­տու­թեան հրո­վար­տա­կը ստա­ցո՛­ղը։

Ուս­տի կա­խում ու­նե­նա­լով կրօ­նա­կան խնդիր­նե­րու մէջ Հա­յոց ընդ­հա­նուր Հայ­րա­պե­տու­թե­նէն՝ Պոլ­սոյ պատ­րիարք­նե­րը Օս­մա­նեան Տէ­րու­թեան առ­ջեւ պա­տաս­խա­նա­տու էին հայ հպա­տակ­նե­րու բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար. ուս­տի եւ կա­րե­ւոր դէպ­քի մը ա­տեն ա­նոնք կ՚օգ­տուէին Տէ­րու­թեան մի­ջոց­նե­րէն։ Կրօ­նա­կան-ներ­քին գոր­ծե­րու մէջ թէեւ Հայ­րա­պե­տու­թեան կա­պուած, բայց քա­ղա­քա­կան-ար­տա­քին տե­սա­կէ­տէ Օս­մա­նեան Տէ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու էին ա­մէն տե­սա­կէ­տէ։

Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան սկզբնա­պէս են­թար­կուած էին քսան ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն­ներ։

ա) Է­տիր­նէ, բ) Թէ­քիր­տաղ, գ) Կե­սա­րիա, դ) Ա­մա­սիա, ե) Բրու­սա (Պուր­սա), զ) Սե­բաս­տիա, է) Ակն, ը) Շա­պին-Գա­րա Հի­սար, թ) Թո­մար­զա, ժ) Տրա­պի­զոն, ժա) Երզն­կա (Էր­զին­ճեան), ժբ) Ուր­ֆա, ժգ) Ար­մաշ (Էր­մի­շէ)։­

Այս 13 ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն­նե­րը կապ ու­նէին ան­մի­ջա­բար Պոլ­սոյ հայ պատ­րիար­քու­թեան հետ։

Յա­ջորդ թե­մե­րը՝ թէեւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան իշ­խա­նու­թեան հետ, այդ կեր­պով դար­ձեալ Պոլ­սոյ հետ կա­պուած էին, բայց այն­տեղ կը գոր­ծէին եւ Մայր Ա­թո­ռի նուի­րա­կան­նե­րը. այս­պէս էին. ժբ) Էն­կիւ­րի (Գա­ղա­տիա), (Գա­ղա­տիա=Էն­քա­րէ=Ան­գա­րա), ժե) Թօ­քատ, ժզ) Տիար­պէ­քիր, ժէ) Էրզ­րում, ժը) Կարս, ժթ) Ա­խալց­խա, եւ ի) Ու­ռու­մէ­լի։ Իսկ Վան, Մուշ, Բա­յա­զիտ, Զմիւռ­նիա (=Իզ­միր), Բաղ­դատ եւ այլն Տէ­րու­նի, այ­սինքն՝ Մայր Ա­թո­ռին են­թար­կուող վի­ճակ­ներ էին։

Այս­պէս էին Պոլ­սոյ եւ Էջ­միած­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թան ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րը մին­չեւ ԺԸ դա­րու վեր­ջե­րը, երբ նոր փո­փո­խու­թիւն­ներ ա­ռաջ ե­կան։ Պատ­րիարք­նե­րը կ՚ընտ­րուէին Պոլ­սոյ ու շրջա­կայ գա­ւառ­նե­րու ե­կե­ղե­ցա­կան ու աշ­խար­հա­կան գլխա­ւոր­նե­րու ժո­ղո­վով։ Ա­նոնք Բարձր Դռնէն «խի­լայ» (խի­լայ=խա­լաթ, զգեստ՝ ո­րով իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­ցող­ներ կը պար­գե­ւատ­րէին մէ­կը՝ ի նշան գո­հու­նա­կու­թեան եր­կար ու լայն կա­պայ, խա­լաթ տալ՝ նուէր տալ) կ՚ըն­դու­նէին եւ փո­խա­րէ­նը տուրք մը կու տա­յին։ Ընդ­հան­րա­պէս թէ՛ ընտ­րու­թիւ­նը, թէ՛ ընտ­րուող­նե­րու  անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը մե­ծա­մեծ խռո­վու­թիւն­նե­րու եւ խառ­նաշ­փո­թու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լա­յին։ Աղ­մուկ­նե­րու մեծ պատ­ճառ մա­սամբ ալ ա­մի­րա­յա­կան կամ հա­րուստ դա­սա­կարգն էր, որ այս կամ այն փա­շա­յի ազ­դե­ցու­թեան վրայ յե­նուած՝ ազ­գա­յին գոր­ծե­րու մէջ ազ­դե­ցիկ դեր խա­ղալ կը ձգտէին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ, 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016