«ԿՈՐՍՏԵԱԼ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ»ՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 1-ին Թուր­քիոյ մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ցու­ցադ­րուի «Կորս­տեալ թռչուն­ներ» անուն ժա­պա­ւէ­նը, ո­րուն հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպասէ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հը։ Հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մըն է այս մէ­կը, ո­րու հա­մա­հե­ղի­նակ­ներն են Ա­ռէն Փեր­տէ­ճի եւ Է­լա Ա­լեամաչ։

Ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թեան նա­խօ­րեա­կին, վեր­ջերս Գա­տը­գիւղի Ա­րա­մեան սա­նուց միու­թեան մէջ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­ռէն Փեր­տէ­ճիի եւ Է­լա Ա­լեա­մա­չի հետ։ Միու­թեան վարչա­յին­նե­րէն Սե­ւան Ա­թաօղ­լու վա­րեց այս ա­սու­լի­սը, ո­րու ըն­թաց­քին Փեր­տէ­ճի եւ Ա­լեա­մաչ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրուե­ցին գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու հետ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին միու­թեան վար­չու­թեան կող­մէ սար­քուեցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ ջերմ զրոյ­ցը։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016