Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց հե­տաքրք­րա­կան ձեռ­նարկ մը, որ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան մօտ։ Այս­պէս, թա­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ, ծնո­ղաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը ա­ռիթ ըն­ձե­ռե­ցին, որ­պէս­զի տղա­քը պատ­րաս­տեն տօ­նին բնո­րոշ ու­տես­տե­ղէն­ներ՝ չէօ­րէք­ներ, խմո­րե­ղէն­ներ եւ հաւ­կիթ­ներ։ Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ծնո­ղաց միու­թիւ­նը նա­խա­պէս կազ­մա­կերպ­չա­կան բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք մը տա­րած էր՝ նոյ­նիսկ յա­տուկ գոգ­նոց­ներ պատ­րաս­տե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ա­ռա­ջին փու­լին նա­խակր­թա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ միջ­նա­կար­գի տղա­քը այս հա­ճե­լի ծրագ­րին մաս­նակ­ցե­ցան ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ա­նոնք մէկ կող­մէ խմոր բա­նա­լով պատ­րաս­տե­ցին չէօ­րէք­ներ եւ խմո­րե­ղէն­ներ, իսկ միւս կող­մէ ներ­կե­ցին զատ­կուան հաւ­կիթ­ներ։ Ծնո­ղաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­ներն ալ հսկե­ցին ա­նոնց տա­րած աշ­խա­տան­քը։ Սրահ փու­թա­լով ա­շա­կերտնե­րուն ա­նակն­կալ մը մա­տու­ցեց նաեւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու գնա­հա­տան­քը։ Ա­շա­կերտ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րէն վերջ ծնողաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը փու­ռի մէջ ե­փե­ցին տղոց պատ­րաս­տած չէօ­րէք­ներն ու խմո­րե­ղէն­նե­րը, մինչ ար­դէն հա­սած էր համ­տե­սի պա­հը։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016