ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԶԱՐԴԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ

Christian Dior նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նոր կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէ­նը, որ նուի­րուած է La Rose des Ventes զար­դե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի նոր շար­քի թո­ղարկ­ման: Ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր ոս­կե­րիչ Վիք­տուար տէ Քաս­տե­լա կը շա­րու­նա­կէ զուար­ճաց­նել ժա­պա­ւէն­նե­րով, ո­րոնք նուի­րուած են զար­դե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի թո­ղարկ­ման, ո­րու մէջ գլխա­ւոր դե­րով ներ­կա­յա­ցուած է նաեւ Քրիս­տիան Տիոր:

Հեր­թա­կան կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէ­նին մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան ճատ­րա­կի տախ­տա­կի վրայ։

La Rose des Ventes հա­ւա­քա­ծոն Dior-ի եւ­րո­պա­կան խա­նութ­նե­րուն մէջ պի­տի յայտ­նուի Մա­յի­սէն սկսեալ, իսկ Յու­նի­սէն սկսեալ այդ զար­դե­րը հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ ձեռք բե­րել ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016