ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս տարի եւս Ս. Զատկի տօնին առթիւ առարկայ դարձաւ երէցներու գուրգուրանքին։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց մանկապատանեկան կազմի երկսեռ անդամները, որոնց յանձնեց Տնօրէն խորհուրդին կողմէ պատրաստուած տաղաւարի նուէրները։ Ներկայ էին նաեւ խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզէլտեւլէթեան եւ իր ընկերները։ Հայր Սուրբը գնահատանքով արտայայտուեցաւ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի երիտասարդներու հետեւողականութեան մասին եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւններ՝ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու անկեղծ բարեմաղթանքը, որպէսզի տօնական շրջանի ուրախութիւնը լիուլի ապրին, շրջապատուած իրենց ընտանեկան սիրելիներուն կողմէ։