ՅԱԳԵՑԵԱԼ ԵՒ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ

Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­մայն­քա­յին ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս տա­րուան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­ցաւ իր ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կար­գով։ Պատ­րիար­քա­րա­նի կար­գադ­րու­թեամբ, Ս. Զատ­կի օ­րուան ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան միայն հա­մայն­քա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Թէ՛ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը եւ թէ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­դէն ա­ռան­ձին կը հիւ­րըն­կա­լուին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Ս. Զատ­կի օ­րը, թէեւ սո­վո­րա­կա­նէն քիչ մը ա­ւե­լի նուազ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թեան, սա­կայն կա­տա­րուած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­ղան յա­գե­ցեալ ու բազ­մաբ­նոյթ։ Տօ­նա­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը սե­ւե­ռե­լու հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հար­ցե­րուն վրայ։

Մինչ այդ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, որ պի­տի փո­խան­ցէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին պատ­գա­մը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016