Վահան Միրաքեան. Հայաստան Աշխարհի Եւ Հայկական Աւանդութեանց Դիւցազներգակ Բանաստեղծը
Մարտ 21-ին վախճանած է հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեան (1866-1942), որուն ծննդեան 150-ամեակը կը նշուի այս տարի։
Յատկապէս իր «Լալուարի Որսը» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ հանրածանօթ՝ հայ ժողովուրդի ազգային աւանդներուն դիւցազներգակ այս բանաստեղծը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց 19-րդ դարավերջին։ Քսաներորդ դարու սկիզբները արդէն սիրուած բանաստեղծ էր, հրատարակած էր «Լալուարի Որսը» եւ արժանացած էր ընթերցողի ջերմ ընդունելութեան՝ իբրեւ Հայաստան Աշխարհի դիւցազներգութեան հարազատ բանաստեղծը։
Ճակատագիրը կամեցաւ, որ իր ծննդավայր գիւղին ամրօրէն կապուած եւ ընդհանրապէս հոն գործած Վահան Միրաքեան շարունակէ իր գրական ու մանկավարժական կեանքը Մեծ Եղեռնի եւ Հայաստանի անկախացման բախտորոշ ժամանակաշրջաններուն, ճաշակէ հայ ժողովուրդի բախտորոշ վերիվայրումները եւ իւրովի արձագանգէ այդ բոլորին։
Վահան Միրաքեան տեսաւ եւ ապրեցաւ նաեւ դառն լուծը խորհրդային կարգերուն, որոնց ճնշումին հակառակ թէեւ շարունակեց ստեղծագործել, բայց ի վիճակի չեղաւ տպագրութեան յանձնելու ազգային-ազատագրական պայքարի ներշնչումով գրուած իր գործերը եւ 1942-ի Մարտ 21-ին աչքերը առյաւէտ փակեց Երեւանի մէջ՝ անտիպ գործերու ամբողջ շարք մը ժառանգութիւն ձգելով մեր ժողովուրդին։
Քննադատներու կողմէ «Լալուարի Որսը» գնահատուած է իբրեւ Յովհաննէս Թումանեանի հանճարեղ «Անուշ»ին կողքին իր արժանի տեղը ունեցող տաղանդաւոր գործ։ Անիկա քնարերգական պատումն է հայ գեղջկական կեանքին այնքան բնորոշ անկարելի սիրոյ ողբերգութեան, ուր երիտասարդ զոյգը կը բախի ծնողական մերժումի ու կտրուկ արգելքի, բայց անդրդուելիօրէն փարած կը մնայ իր Սիրոյ ուխտին եւ յուզաշխարհին՝ մինչեւ ի մահ։
Վահան Աղաբէկի Միրաքեան ծնած էր 1866-ի Նոյեմբեր 6-ին, Շուլավեր գիւղը (որ խորհրդայիններու օրօք Շահումեան վերանուանուած քաղաքատիպ աւան մըն էր, վրացական Մառնէուլի շրջանին մէջ)։ Մանկութեան՝ 1873-ին ուղարկուած էր Սանահինի Սուրբ Աստուածածին վանքի դպրոցը՝ հայեցի իր նախնական կրթութիւնը ստանալու համար։ 1880-էն 1886 ուսանած էր Արհեստաւորաց դպրոցին մէջ։ Իսկ 1888-ին աւարտած էր Գորիի Ուսուցչական սմինարիան։
Տակաւին ուսանող՝ Վահան Միրաքեան Թիֆլիզ հրատարակուած «Աղբիւր» ամսագիրի էջերուն լոյս ընծայեց «Երեք Վարդ» խորագրով իր առաջին բանաստեղծութիւնը։ Իսկ ուսումը հազիւ աւարտած՝ 1889-էն սկսեալ ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին, հայոց լեզու եւ գրականութիւն ջամբելով հայոց նորահաս սերունդներուն ինչպէս իր ծննդավայր Շուլավերի, նոյնպէս եւ Ջալալօղլիի, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի, Նուխիի, Նոր Նախիջեւանի, Թիֆլիզի եւ Երեւանի մէջ։
1924-ին Վահան Միրաքեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Երեւան՝ Ձերժինսկիի անուան դպրոցին մէջ ստանձնելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի պաշտօնը։
Վահան Միրաքեանի «Լալուարի Որսը» պոէմը առաջին անգամ տպագրուեցաւ 1901-ին, Թիֆլիզի «Մուրճ» ամսագրի էջերուն։ Անմիջապէս արժանացաւ ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան եւ լայն ժողովրդականութիւն գտաւ։
Հետագային, վերահրատարակութեանց կողքին, գործը արժանացաւ նաեւ ռուսերէն (1942), պարսկերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով թարգմանաբար հրատարակութեանց։ «Լալուարի Որսը» հիմք ունենալով՝ հետագային ստեղծուեցան թատրերգութիւն, օփերա (ինչպէս մեծատաղանդ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի «Ալվարդի Երազը») եւ գեղարուեստական շարժանկար («Լալուարի Որսկանը»)։
Խորհրդային տարիներուն, Վահան Միրաքեան թափով փարեցաւ թատերական գործերու ստեղծագործութեան։ Գրեց «Մանուշի Հարսանիքը», «Նոր Գիւղի Շէմքին», «Խոզարածի Կինը» թատրերգութիւնները։
Մահացաւ Թիֆլիզ, 21 Մարտ 1942-ին եւ թաղուեցաւ Երեւան։ Խորհրդայղին Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր 1934 թուականէն։
Իր հրատարակուած գործերու շարքին են՝ «Առանց Լարերի (բանաստեղծութիւններ)», Թիֆլիզ, տպարան Վրաց. Հրատ. Ընկ., 1897, 64 էջ (Այս գիրքը լոյս տեսած է Միր Կոնօ գրչանունով, որ բանաստեղծը կազմած էր իր մականունին Միր մասնիկով եւ Շուլավերի բարբառով «Վարդի փունջ» նշանակող Կոնօ բառով)։
-«Լալուարի Որսը» (պոէմ, արտատպուած «Մուրճ» ամսագիրէն), Թիֆլիզ, տպարան Վրաց. Հրատ. Ընկ., 1901, 78 էջ։
-«Նոր Գիւղի Շէմքին (թատրերգութիւն չորս արարով)», այս գործը օրին արժանացաւ Գիւղատնտեսական գեղարուեստական գրականութեան մրցանակին, Ե., Պետհրատ, 1927, 46 էջ։
-«Մանուշի Հարսանիքը» (թատրերգութիւն), Ե., Պետհրատ, 1927, 30 էջ։
-«Խոզարածի Կինը (տրամա՝ 5 գործողութեամբ, գիւղական կեանքէն)», Ե., Պետհրատ, 1928, 51 էջ։
«Լալվարի Որսը» արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութեանց՝ 1929-ին, 1935-ին, 1936-ին, 1938-ին, 1948-ին, 1953-ին, 1967-ին եւ 1980-ին։
Վահան Միրաքեան թողած է նաեւ անտիպ գործերու հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն առիւծի բաժինը կը կազմեն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարէն եւ ցարական փտած կարգերու դէմ հայ գեղջուկի ըմբոստացումէն ներշնչուած երկարաշունչ բանաստեղծութիւններն ու դիւցազնավէպերը, ինչպէս «Եփրատի Կոյսը», «Եղնիկի Փերին», «Արզուման Քեռին» եւ ուրիշներ։ Անտիպներու շարքին կան պատմուածքներ եւ յուշագրութիւններ։
Արժէքաւոր է յատկապէս «Եղնիկի Փերին» հէքիեաթ-պոէմը, որուն վրայ բանաստեղծը աշխատած է 1904-էն մինչեւ 1940 եւ մշակած՝ 18 տարբերակներ, որոնցմէ հատուածներ լոյս տեսած են տարիներու ընթացքին ինչպէս հայրենի, նոյնպէս եւ սփիւռքեան հանդէսներու էջերուն (ինչպէս Փարիզի «Անահիտ» գրական հանդէսը եւ Վենետիկի «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսը)։
«Եղնիկի Փերին» ներշնչուած է հեթանոսական շրջանի հայկական աւանդութենէ մը, որ կը վերաբերի անմեղ եղնիկները չարէն պաշտպանող առասպելական փերիի մը։ Այլաբանական մշակումով՝ Վահան Միրաքեան համիտեան կոտորածներուն դէմ հայկական ըմբոստացման դիւցազներգութիւնը շնչաւորած է հայոց քաջերու պահապան «Եղնիկի Փերի»ով եւ անոր յառաջ բերած ազատագրական պայքարի շարժումով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ