ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ կարեւոր խորհրդակցութեան մը։ Սուրիացի փախստականներու խնդիրներուն ձօնուած բարձր մակարդակով միջազգային հանդիպման ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի խօսքով բացուեցաւ այս կարեւոր հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրներէն նախարարներ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ժընեւի իր ելոյթին ժամանակ Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, թէ ներկայիս Սուրիայէն շուրջ 20 հազար փախստականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ։ Այսպէսով Հայաստան դարձած է բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ Սուրիայէն փախստականներ ընդունած երրորդ երկիրը Եւրոպայի մէջ։ «Սա զգալի թիւ է ընդամէնը 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը համար, որ մօտաւոր անցեալին արդէն հարիւր հազարաւոր փախստականներ ընդունած էր Ատրպէյճանէն։ Յիրաւի մենք լաւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ փախստական եւ ապաստան տալ մեծ թիւով տեղահանեալներու եւ անշուշտ այս քննարկման կը մասնակցինք համերաշխութեան ու պատասխանատուութեան բարձր զգացումով», ըսաւ Նալպանտեան։
Իր խօսքին մէջ նախարարը ընդգծեց, թէ նման մեծ համեմատութիւններու հասած մարդասիրական ճգնաժամերու յաղթահարումը կը պահանջէ համախմբում, ինչ որ վեր է առանձին երկրի մը ուժերէն։ Այս ճշմարտութիւնը ի զօրու է փախստականներ ընդունած իւրաքանչիւր երկրի պարագային, սակայն, հաւանաբար, առաւել չափով կը վերաբերի այն երկիրներուն, որոնք ունին սահմանափակ միջոցներ։ «Կը փափաքինք միջազգային վարկատու հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, թէ փախստականներուն ապաստան տուած երկիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու յանձնառութիւնը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ միայն աշխարհագրական դիրքով՝ այլ պատասխանատուութեան առաւել արդար բաշխման սկզբունքով՝ առանց որեւէ տարբերակման՝ փախստականներու միջազգային պաշտպանութեան ոգիին համապատասխան», ըսաւ Նալպանտեան։
Ժընեւեան ելոյթին ընթացքին Նալպանտեան շեշտեց, որ փախստականներու ճգնաժամը հասարակութիւններուն առջեւ բազմաթիւ հարցեր կը բարձրացնէ՝ ոչ միայն երկիրներու անվտանգութեան այլ փախստականներու բնակեցման, զբաղուածութեան, կրթութեան եւ համարկման երկարաժամկէտ խնդիրներուն առումով։ Այս կապակցութեամբ ան մէջբերեց Ֆրիտեոֆ Նանսէնի համոզումը, թէ փախստականները, որոնք կ՚ընկալուին որպէս ծանր բեռ, կրնան դառնալ կարեւոր արժէք մը։ «Յիրաւի, մեր երկիրներէն շատերուն պատմութիւնները կը հաստատեն այս խօսքերուն իրաւացիութիւնը», ընդգծեց Նալպանտեան։