ԱՆՀՐԱԺԱՐԵԼԻ ԿԱՊԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կը գտնուի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ե­րէկ մէկ­տե­ղուե­ցաւ խումբ մը ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու հետ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի «Սենթ Ռե­ճիս» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նի կող­քին էին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ը­սաւ. «Թուր­քիա կը ջա­նայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հու­նա­ւո­րել տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր ձե­ւով։ Հա­կուած ենք մտա­ծել, որ ԱՄՆ մեր թի­կուն­քին է ու մեզ կը հասկ­նայ»։­

Իր ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան կա­րե­ւո­րեց Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած գոր­ծըն­կե­րու­թիւնն ու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ «Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ, ինչ­պէս ան­ցեա­լի մէջ, այ­սօր եւս ԱՄՆ-ի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը կրեն անհ­րա­ժա­րե­լի բնոյթ։ Մենք ա­մէն ջանք ի գործ կը դնենք՝ որ­պէս­զի մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նենք հա­սա­րակց ար­ժէք­նե­րու եւ փո­խա­դարձ շա­հե­րու հի­ման վրայ։ Պի­տի շա­րու­նա­կենք ը­նել նոյ­նը։ Ակն­յայտ է, որ Թուր­քիա-ԱՄՆ դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­նայ­լընտ­րանք է լուծ­ման հա­մար այն բո­լոր հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րոնց դէմ յան­դի­ման կը գտնուինք։ Այս­տեղ բուն խնդի­րը այն է, որ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը լիար­ժէք ի­մաս­տով ար­գա­սա­բեր դառ­նայ թէ՛ ռազ­մա­վա­րա­կան եւ թէ մար­տա­վա­րա­կան հար­թու­թեան վրայ», մատ­նան­շեց Էր­տո­ղան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը Ո­ւա­շինկ­թը­նի իր ե­լոյ­թին մէջ ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիոյ մեր­ձա­կայ տա­րած­քաշր­ջան­նե­րէն ներս առ­կայ է վիթ­խա­րի ան­կում մը ու մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն մը։ «Ան­կա­ռա­վա­րե­լի քա­ղա­քա­կան դաշ­տե­րով լի աշ­խար­հագ­րու­թե­նէ մը ներս Թուր­քիա կը ջա­նայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հու­նա­ւո­րել՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր ձե­ւով։ Որ­քան որ ալ ա­տեն-ա­տեն ա­ռան­ձին զգանք՝ հա­կուած ենք մտա­ծել, թէ ԱՄՆ մեր թի­կուն­քին է ու մեզ կը հասկ­նայ», շա­րու­նա­կեց ան։

Էր­տո­ղա­նի հա­մոզ­մամբ՝ այս մեծ անկ­ման եր­կու հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը կը հա­մա­րուին՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան տա­րա­ծուի­լը եւ ներ­կա­յիս ար­դէն Եւ­րո­պա­յի սահ­ման­նե­րուն հա­սած գաղ­թա­կա­նաց ճգնա­ժա­մը։ Այս եր­կու­քը անկ­ման ա­մե­նա­շօ­շա­փե­լի հե­տե­ւանք­նե­րը կը հան­դի­սա­նան։ Ե­թէ կա­րե­լի չըլ­լայ կան­խել Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մաս­նատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը, ա­պա ա­րեւմ­տեան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը դէմ յան­դի­ման պի­տի մնան շատ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ հե­տե­ւանք­նե­րու։ Ար­դա­րեւ, հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցեալ աշ­խար­հին մէջ սահ­ման­նե­րը կ՚ի­մաս­տազր­կուին եւ նման տագ­նապ­նե­րու ազ­դե­ցու­թե­նէն զերծ չի կրնար մնալ ոե­ւէ մէ­կը։ Թէ՛ Սու­րիոյ եւ թէ Ի­րա­քի ճգնա­ժա­մե­րու պա­րա­գա­յին ա­մե­նաս­կիզ­բէն ի վեր Թուր­քիա սկզբուն­քօ­րէն որ­դեգ­րած է շի­նիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը։ Սու­րիոյ մէջ լու­ծում մը կա­րե­լի է գտնել միայն ժո­ղո­վուր­դի սպա­սում­նե­րուն հա­մա­հունչ քա­ղա­քա­կան ե­ղա­փո­խու­թեան գոր­ծըն­թա­ցով մը։ Իսկ Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին պէտք է հաս­տա­տել այն­պի­սի դրու­թիւն մը, ո­րով ու­ժի եւ ան­դոր­րու­թեան բա­ժա­նու­մը պի­տի ըլ­լայ ար­դար, հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ու հա­մա­պար­փակ։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը խորթ է տա­րած­քաշր­ջա­նին, ա­նոր պատ­մու­թեան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հէն­քին։ Ուս­տի, Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց, թէ Թուր­քիա Ի­ՇԻՊ-ի դէմ բո­լոր հար­թու­թիւն­նե­րուն վրայ կը մղէ վճռա­կան պայ­քար մը եւ աշ­խոյժ զօ­րակ­ցու­թիւն կ՚ա­պա­հո­վէ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­պա­տաս­խան ջան­քե­րուն։

Մինչ այդ, Էր­տո­ղան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ ա­մե­րի­կեան ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն հետ։ Այ­սօր նա­խա­տե­սուած է իր տե­սակ­ցու­թիւ­նը ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ Իսկ ե­րէկ, իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ Էր­տո­ղան հիւ­րըն­կա­լեց ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րատ Ալ­պայ­րաք, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու, ՄԻԹ-ի խորհր­դա­կան Հա­քան Ֆի­տան, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պան Սեր­տար Քը­լըճ եւ Էր­տո­ղա­նի բա­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ԱՄՆ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ Էր­տո­ղան ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կանգ կ՚առ­նէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վրայ։ Ման­րա­մասն քննար­կում­ներ կը կա­տա­րուին Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման եւ ԵՓԿ-ի Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քէ ներս յա­ռաջ­խա­ղաց­ման շուրջ։

Միւս կող­մէ, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ տուած հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, թէ Թուր­քիա ՓԵՏ-ի պատ­ճա­ռով պի­տի չսրդո­ղի ԱՄՆ-ի հետ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016