ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Այս տա­րի եւս Ս. Զատ­կի առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայր մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք փու­թա­ցած էին շնոր­հա­ւո­րե­լու տա­ղա­ւա­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հայ­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց յղեց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ Ան բարձր գնա­հա­տեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րուն կող­մէ մեր հա­մայն­քէն ներս ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պէտք է ա՛լ ա­ւե­լի բարձ­րա­նայ ի­գա­կան սե­ռի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին եր­գուե­ցաւ Ս. Զատ­կի շա­րա­կա­նը եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ջա­համ­բոյր, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը զատ­կա­կան հաւ­կիթ­ներ նուի­րեց հիւ­րե­րուն։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կա­տա­րուած նկա­րա­հա­նու­մէն վերջ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին Գում­գա­բուէն։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016