ՄԱՐԿՕ ԵՒ ՍԱՊՐԻՆԱ
Վերջերս նորոգումէ ետք, նորացուած ցուցադրութեամբ Երեւանի մէջ իր դռները բացաւ ինքնատիպ ու իւրօրինակ թանգարան մը՝ Միջին Արեւելքի թանգարանը:
Թանգարանը կը գործէ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի շէնքին մէջ, Արամի 1 հասցէով եւ ունի երեք ցուցասրահներ, որոնց մէջ ներկայացուած է սփիւռքահայ ծանօթ արուեստագէտ Մարկոս Գրիգորեանի՝ Մարկոյի բացառիկ հաւաքածոն, որ ան 1993 թուականին նուիրած է Հայաստանին: Այդ հաւաքածոն կազմուած է հայկական, եւրոպական կիրառական արուեստի նմոյշներէ, գեղանկարներէ, գորգերէ, հողանկարներէ, Նախքան Քրիստոս 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ 20-րդ դարը ընդգրկող արուեստի շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր ցուցանմոյշներէ: Հաւաքածոյին մէջ կը գերակշռեն Իրանի զանազան նահանգներու մշակութային արժէքներ, զրահադաշտական պաշտամունքային առարկաներ, Էլամի խեցեղէնի, վաղ պրոնզէ դարու խեցեղէնի, իսլամական միջնադարեան արուեստի բացառիկ նմոյշներ, իրանական եւ հայկական հնագիտական իրեր, միջնադարեան ձեռագրեր, իրանական մանրանկարչութիւն, ուշ միջնադարեան ղաջարական կերպարուեստի նմոյշներ, ազգագրական իրեր, հողով շինուած նկարչութեան հազուագիւտ կտաւներ, որոնց հեղինակը ինքն է՝ Մարկոս Գրիգորեան:
Մարկօ իր այս հաւաքածոյի զգալի մասը ձեռք բերած է Իրանի մէջ ապրած տարիներուն եւ 1993 թուականին զայն տեղափոխած է Հայաստան: Արդէն քսաներեք տարի Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Մարկոս Գրիգորեանի բացառիկ հաւաքածոն: Փաստօրէն, թանգարանի ներսը ստեղծուած է այլ թանգարան մը, եւ չնայած այս հաւաքածոյի նուիրաբերման ժամանակ արուեստագէտին խոստում տրուած էր, որ առանձին շէնքով մը պիտի ցուցադրուի հաւաքածոն, սակայն ան կրկին մնացած է նոյն շէնքին մէջ, եւ սրահները նորոգուելէ ետք թանգարանը մեծ շուքով բացուեցաւ նոյն վայրէն ներս:
Միջին Արեւելքի թանգարանի վերանորոգուած բացումը առիթ դարձաւ անգամ մը եւս հայեացք մը նետելու մեծ արուեստագէտ Մարկոյի արուեստին եւ անոր հաւաքածոյի հիման վրայ ստեղծուած բացառիկ թանգարանին: Անոր արուեստը իւրօրինակ դպրոց մըն է զանազան քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող արուեստագէտներու համար եւ մինչ օրս տակաւին կը մնայ լիովին չուսումնասիրուած: Ան կը նկատուի Իրանի արդի արուեստի հիմնադիրը:
Մարկոս Գրիգորեան ծնած է 5 Դեկտեմբեր 1925 թուականին՝ Հիւսիսային Կովկասի Քրոփոտքին քաղաքը, ընտանիքի մը մէջ, որ Քրոփոտքին տեղափոխուած է Կարսէն: 1930 թուականին ընտանիքը Քրոփոթքինէն փոխադրուած է Իրան, սկզբնական շրջանին բնակած է Թաւրիզ, այնուհետեւ՝ Թեհրան: Իր նախնական կրթութիւնը Մարկոս Գրիգորեան ստացած է Իրան: 1950 թուականին ուսանած է Հռոմի Գեղարուեստից կաճառին մէջ: 1954 թուականին, կաճառը աւարտելէ յետոյ վերադարձած է Իրան, բացած է գեղագիտական պատկերասրահ: 1958 թուականին հայ արուեստագէտը Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանիի ներքոյ կազմակերպած է Թեհրանի մէջ առաջին պիէնալէն: Մարկոս Գրիգորեան դասաւանդած է Իրանի Գեղարուեստից կաճառին մէջ:
Շատ են թիւը այն երկիրներու, ուր զանազան քաղաքակրթութիւններ եւ զանազան սերունդներ ներկայացնող բազմաթիւ արուեստագէտներ զիրենք կը նկատեն աշակերտներն ու հետեւորդները հայազգի նկարիչ Մարկոս Գրիգորեանի, որու արուեստը արդէն կէս դար է՝ ինչ որ համաշխարհային արուեստի իրողութիւն է։ Մարկոյի արուեստը ներկայացուած է Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի, Ռոքֆելլըր կեդրոնի հաւաքածոներու մէջ, Հռոմի, Թեհրանի պատկերասրահներէն ներս եւ այլ նշանաւոր վայրերու մէջ: Իր վրձնած գեղանկարները կը գտնուին հարուստ հաւաքորդներու հաւաքածոներու մէջ, անձնական տուներու եւ գրասենեակեներու պատեր կը զարդարեն:
Մարկոյի հաւաքածոյի հիման վրայ վերաբացուած թանգարանը վերջերս այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ծանօթացաւ «Միջին Արեւելքի արուեստ. Մարկոս-Սապրինա Գրիգորեաններու հաւաքածոյ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին:
Հաւաքածոն, որ տակաւին կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ, ոչ միայն Մարկոս Գրիգորեանի անունը կը կրէ, այլ նաեւ իր դստեր՝ վաղամեռիկ արուեստագիտուհի, դերասանուհի, լրագրող, արուեստի գործիչ Սապրինա Գրիգորեանի, որու անունը նոյնպէս միանգամընդմիշտ կապուած է այս թանգարանին:
Եւ կան տուեալներ, որ Մարկօ իր հարուստ հաւաքածոն հաւաքած եւ հարստացուցած է իր արուեստագիտուհի դստեր համար, սակայն դստեր կեանքէն անսպասելի հեռանալը մղած է արուեստագէտը՝ հաւաքածոն նուիրել հայրենիքին:
Սապրինա Գրիգորեան ծնած է Հռոմի մէջ, այն տարիներուն, երբ Մարկոս Գրիգորեան արուեստագէտի գործունէութեամբ իր տիկնոջ՝ Ֆլորա Ադամեանին հետ Հռոմ կը գտնուէր: Մեծ եղած է Մարկոյի ազդեցութիւնը Սապրինայի վրայ, ան միշտ հետեւած է դստեր գործունէութեան եւ աջակցած է անոր: Սապրինա իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի մէջ, իսկ միջնակարգը՝ Նիւ Եորք, ուսանած է նաեւ Զուիցերիա: Վերադառնալով Թեհրան՝ ծանօթացած է Թեհրանի «Դիմակներ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Պատրիսա Զիքիի հետ եւ սկսած է մասնակցիլ «Դիմակներ»ու ներկայացումներուն: Առաջին անգամ ան բեմ ելած է Թեհրանի հայկական «Արարատ» ինքնագործ թատերախումբին հետ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներու մէջ է» թատրերգութեան մէջ՝ հանդէս գալով Ճոնիի դերակատարմամբ: Այդ բեմադրութիւնը իր ժամանակին նկատուած է ամենէն նշանակալի իրադարձութիւնը՝ թեհրանահայ համայնքի թատերական կեանքին մէջ:
Իր կրթութիւնը արուեստի մէջ հիմնաւոր դարձնելու համար Սապրինան մեկնած է Լոնտոն, ուսանած է երաժշտութիւն, թատրոն, ժամանակակից արուեստի հիմունքներ, ուսումնառութեան տարիներուն ճամբորդած է եւրոպական արուեստի մայրաքաղաքներով: Հետագային տաղանդաւոր այս հայուհին աշխատած է նաեւ հեռատեսիլի բնագաւառէն ներս, Նիւ Եորքի NBC հեռուստաընկերութեան մէջ, հեղինակած է երաժշտական-թատերական յօդուածներ, գրած եւ բեմադրած է հեռուստատեսային թատերախաղեր: Սապրինա Գրիգորեանի յօդուածները լոյս տեսած են նաեւ Delta SKy Magazine, Ladies Home Journal, Division Magazine եւ այլ պարբերականներու մէջ:
1986 թուականին, տակաւին չլրացած անոր երեսուն տարիքը, Սապրինան Նիւ Եորքի մէջ յանկարծամահ եղած է, եւ անոր անսպասելի մահը ցնցած է ծնողքը, հարազատները, երկրպագուները: Շատ էին երիտասարդ աղջկան արուեստի երկրպագուները, որոնք կը հետեւէին Սապրինայի գործունէութեան: Իր վիշտը փարատելու համար հայրը՝ Մարկօ Գրիգորեան դստեր անունով կոչած է իր արուեստի հաւաքածոն եւ հետագային որոշած՝ իբրեւ յիշատակ նուիրել Հայաստանին:
Դժուար կեանք մը ունեցած է Մարկօ Գրիգորեան: Ան Հայաստանի ընդհանուր արուեստի դաշտին մէջ մնաց այդպէս ալ չգնահատուած մէկը, որու հանդէպ հաւանաբար անտարբեր էին թէ՛ արուեստի աշխարհը տնօրինողները, թէ՛ իշխանութիւնները: Ան, սակայն ապրեցաւ իր կեանքի վերջին տարիները Հայաստանի մէջ՝ այն յոյսով, որ իր օրինակին կը հետեւին բազմաթիւ հայ հաւաքորդներ ու արուեստի նուիրեալներ ու իրենց հաւաքածոները օտար երկիրներէն կը տեղափոխեն Հայաստան: Ան նոյնիսկ խօսք տուած էր, որ թանգարանի շէնք ունենալու պարագային կը հաւաքէ նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ գտնուող իր գործերը եւ Հայաստան կը փոխադրէ, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Հայաստան տեղափոխուելէն տարիներ ետք՝ 2007 թուականին Մարկօ Գրիգորեան ենթարկուեցաւ դաժան յարձակումի եւ կողոպուտի. յանցագործները, գիտնալով, որ Մարկոն վաճառած է Գառնիի իր առանձնատունը եւ իր մօտ է վաճառքի համար ստացած կանխավճարը, մուտք գործած են Երեւանի կեդրոնը գտնուող անոր բնակարանը, դաժանօրէն ծեծած արդէն ծերութեան սեմին գտնուող արուեստագէտը, կողոպտած տունը, իսկ Մարկոն տեղափոխուած է հիւանդանոց, քիչ մը ապաքինած է, բայց այդ դէպքէն երեք շաբաթ վերջ՝ մահացած է, 27 Օգոստոս 2007 թուականին: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք Մարկոն կը վախնար իր բնակարանը երթալ, ան կը բնակէր այլ տունի մը մէջ, որպէսզի չգիտնան իր գտնուած վայրը, եւ կը մահանայ այդ տունին մէջ՝ առանձին ու տխուր: Նման անփառունակ վախճան կ՚ունենայ նշանաւոր արուեստագէտը՝ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր արուեստին, հայրենիքին, իր հարուստ հաւաքածոն բերած Հայաստանին եւ մեծ փափաք ունէր օր մը ցուցադրուած տեսնել այդ բոլորը: Իր կենդանութեան օրերուն Մարկօ չտեսաւ իր այդքան փափաքած ցուցադրութիւնը, հակառակ անոր, որ մեծ ջանքեր ներդրեց ատոր համար, շատ խոստումներ ստացաւ, բայց հեռացաւ կեանքէն՝ այդ նուիրական երազը սիրտին մէջ:
Այսօր, իր մահէն տարիներ ետք, երբ անոր հաւաքածոն խնամքով ու ջերմութեամբ ցուցադրուած է Արամի 1 հասցէին գտնուող թանգարանը, կարելի է նկատել, որ ան տուրք է ոչ միայն մեծ արուեստագէտին, նշանաւոր հաւաքորդին եւ բարերարին, այլ նաեւ՝ յիշատակի վկայութիւն է անոր նոյնքան տաղանդաւոր վաղամեռիկ դստեր՝ Սապրինային: Սապրինա Հայաստան չէ այցելած, բայց թանգարանի այս ցուցադրութեամբ անոր անունը արդէն մտած է Հայաստան ժամանակակից արուեստի պատմութեան մէջ, իսկ իր մահէն ետք Մարկօ հիմնած է դստեր յիշատակին «Սապրինա Գրիգորեան» երաժշտութեան եւ թատրերգութեան մրցանակը, որ կը տրուի Նիւ Եորքի, Լոնտոնի եւ Երեւանի երիտասարդ ու շնորհալի արուեստագէտներուն:
Երեւանի մէջ նաեւ գիրք գրուած է Սապրինայի մասին, որու հեղինակը թատերական քննադատ Գէորգ Աբաջեանն է: Այսօր գիրքն ու թանգարանն են, որ կը պատմեն այս երկու զարմանալի արուեստագէտներուն՝ հօր եւ դստեր մասին:
Մարկօ եւ Սապրինա: Երկու անուն: Երկու ճակատագիր:
ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ՍԱՊՐԻՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
«Սապրինա, քաղցրիկ աղջիկս, ընդունէ իմ այս անզարդ տողերը, եւ թող անոնք Նաիրեան արեւով լեցուած վարդերու հանգոյն սփռեն քու շիրմաթումբին, որ չմսիս օտարի պաղ հողին մէջ, թող հայոց լեռներէն քաղուած ալպեան մանուշակներու նման կուտակուին քու գերեզմանին, բերելով հայրենի հովերու յարատեւ շնկշնկոցը, որպէսզի ամէն գեղեցկութիւն մոխրացնող ու տոչորող հողմերն ու սամումները չկարողանան խռովել քու յաւիտենական նինջը...»։
ԳԷՈՐԳ ԱԲԱՋԵԱՆ
«Բացառիկ ու արտասովոր դերասանուհի մըն է Սապրինան: Ես աշխատեցայ անոր հետ մի քանի ամենատարբեր բնոյթի ու ծաւալի կերպարներու շուրջ եւ զարմացած հիացմունքով տեսայ, թէ ինչպիսի բացարձակ կերպարային զգացողութիւն ունի, եւ ինչպիսի ճկունութեամբ կը կարողանայ անցում կատարել դերէ դեր, կը ստեղծէ իրարու չնմանող անկրկնելի կերպարներ: Ես շնորհակալ եմ իմ բախտին, որ աշխատած եմ անոր հետ: Երջանիկ կ՚ըլլայ այն, որ բեմադրութիւններուն կը մասնակցի Սապրինան»:
*
«Սապրինան շողշողուն աստղ մըն էր, որու լոյսը երբեք պիտի չհանգի մեր սրտերուն մէջ: Ան իմ ճանչցած գրեթէ միակ խանդավառ երիտասարդուհին էր, վեհ հոգի մը, որու հետ առընչուող ամէն ոք կը սրբագործուէր, կը դառնար աւելի լաւը»:
ՓԱԹՐԻՍԻԱ ԶԻՔԻ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ