Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովին եօթներորդ նիստը։ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցան ժողովները, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան առեւտուրի, տնտեսական փորձագիտութիւններու, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Միջկառավարական յանձնաժողովին նիստը աւարտին կը հասնի ամփոփիչ փաստաթուղթի մը ստորագրութեամբ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016