ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻՆ՝ ԻՐ ՊԱՆԾԱԼԻ ԱՆՑԵԱԼՈՎ, ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՆԵՐԿԱՅՈՎ ԵՒ ԱՆՍՏՈՅԳ ԱՊԱԳԱՅՈՎ

«Ա՜խ լե­զուն, լե­զուն.
լե­զուն  որ չըլ­լայ, մարդ
ին­չի՞ պէս կ՚ըլ­լայ…»
ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒՐ Ա­ԲՈ­ՎԵԱՆ

Փետ­րուար 21-ը ՄԱԿ-ի կող­մէ 2008-ին յայ­տա­րա­րուած է որ­պէս Մայր լե­զուի մի­ջազ­գա­յին տօն: Այս տօ­նին ա­ռի­թով կ՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս ա­րագ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րել հա­յե­րէն լե­զուի կտրած պա­տուա­բեր ճա­նա­պար­հին՝ հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լէն մին­չեւ ներ­կա­յի կա­ցու­թիւ­նը ու ո­րո­նել մի­ջոց­ներ զայն վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու:

2010 թուա­կա­նին, աշ­խար­հի բո­լոր լե­զու­նե­րու ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լով, UNESCO-ն հա­յե­րէն լե­զուն դա­սած է «լրջօ­րէն վտան­գուած» դա­սա­կար­գին եւ ան­խու­սա­փե­լի նկատուած է ա­նոր շի­ջու­մը (extinction):

Հա­յե­րէ­նը խօ­սակ­ցա­կան եւ կեն­դա­նի լե­զու ե­ղած է առնը-ւազն Ն.Ք. 4-րդ դա­րէն ի վեր, ըստ Սոգ­րա­տի ա­շա­կերտ­նե­րէն պատ­միչ եւ զի­նուո­րա­կան Քսե­նո­ֆո­նի, որ Ք.Ա. 4-րդ դա­րուն Հա­յաս­տա­նէն ան­ցած է ու նկա­րագ­րած հա­յոց լե­զուին եւ կեն­ցա­ղին մա­սին: Ու­րեմն թա­գա­ւո­րաց թա­գա­ւոր Մեծն Տիգ­րան հա­յե­րէ­նով իր զօր­քե­րը ա­ռաջ­նոր­դած է յաղ­թա­նա­կէ յաղ­թա­նակ ու հա­յե­րէ­նով զարկ տուած է իր կայս­րու­թեան մշա­կոյ­թին եւ զար­գաց­ման: Հա­յե­րէ­նով է որ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ յու­նա­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի եւ ա­սո­րե­րէ­նի մի­ջեւ ու­ծաց­ման ըն­թաց­քի մէջ խեղ­դուող իր ժո­ղո­վուր­դը լու­սա­ւո­րած է նոր հա­ւատ­քով, որ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հայ­կա­կան տա­ռե­րու գիւ­տով, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րով, դպրոց­նե­րու ցան­ցե­րով ամ­րապն­դած է մեր լե­զուն եւ ինք­նու­թիւ­նը. եւ զօ­րա­վար Վար­դան Մա­մի­կո­նեան Ա­ւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ հա­յե­րէ­նով իր զօր­քե­րը խրա­խու­սած է վասն հայ­րե­նի­քի եւ ինք­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան իր պատ­գա­մով. այդ ճա­ռը շնոր­հիւ Ղե­ւոնդ Ե­րէ­ցի հա­սած է մեր օ­րե­րուն:  Եւ մեր Մայ­րե­նին շա­րու­նա­կեց իր յաղ­թա­կան ըն­թաց­քը բնա­կա­նա­բար ճո­խաց­նե­լով լե­զուն յու­նա­րէ­նէ, պարս­կե­րէ­նէ, ա­սո­րե­րէ­նէ, ու­րար­տե­րէ­նէ եւ ա­րա­բե­րէ­նէ փոխ առ­նուած բա­ռե­րով, մին­չեւ ան­ցաւ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի հան­ճա­րեղ վե­րա­զարթ­նու­մէն ու հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի (951-1003) Աս­տուա­ծա­մերձ գրա­կա­նու­թիւ­նով, որ բա­ցաւ մեր Մայ­րե­նիին «Մի­ջին Հա­յե­րէն» հանգ­րուա­նը՝ յատ­կան­շուած զուտ կրօ­նա­կան գրա­կա­նու­թեան ռա­միկ տար­րե­րով ուռ­ճա­ցու­մին: Կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան (11-14-դար) թոհ ու բո­հին մէջ հա­յե­րէ­նը շա­րու­նա­կեց իր խրոխտ յա­ռա­ջըն­թա­ցը մին­չեւ Օս­մա­նեան շրջա­նը (1299-1922) երբ մեծ մա­սամբ Ա­րե­ւե­լեան կի­սուն մէջ հա­յե­րը ա­ռանձ­նա­ցան փոքր շրջան­նե­րու (գա­ւառ) մէջ եւ յա­ռաջ ե­կան գա­ւա­ռա­բար­բառ­նե­րը: Կով­կա­սի եւ Պարս­կաս­տա­նի հայ­կա­կան կեդ­րո­նը հան­դի­սա­ցաւ Թիֆ­լիզը իր արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով, իսկ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յե­րը կազ­մե­ցին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րը, կեդ­րոն ու­նե­նա­լով Պո­լի­սը:

Այս­պէ­սով, ու­նե­ցանք գրա­բար հա­յե­րէ­նը եւ մի­ջին գրա­բար հա­յե­րէ­նը, աշ­խար­հա­բար գա­ւա­ռա­բար­բառ­նե­րը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը: Գրա­բա­րը իր ա­պա­հով տե­ղը պա­հեց մեր ե­կե­ղե­ցա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ, ինչ­պէս լա­տի­նե­րէ­նը՝ իտա­լե­րէ­նի հա­մե­մատ: Բայց գա­ւա­ռա­բար­բառ­նե­րը զոհ գա­ցին 1915-ի եղեռնին: 18-19-րդ դա­րե­րուն աշ­խար­հա­բա­րը այս եր­կու կեդ­րոն­նե­րուն մէջ զօ­րա­ցաւ եւ­րո­պա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով եւ մաք­րա­գոր­ծուե­ցաւ թրքա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէ ու վե­րա­ծուե­ցաւ ար­դիա­կան գրա­կան լե­զուի մը, որ զար­գա­ցաւ դպրոց­նե­րու մէջ, թեր­թե­րու եւ գրքե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն է որ ա­մե­նա­շուտ շի­ջու­մի ըն­թաց­քին մէջ մտած է հայ­րե­նա­մերձ եր­կիր­նե­րէ հա­յե­րու զան­գուա­ծա­յին գաղ-­թո­վը դէ­պի Եւ­րո­պա­յի ու ա­մե­րի­կա­նե­րու եր­կիր­նե­րը, ուր շրջա­պա­տի ար­դիա­կան պայ­ման­նե­րը նպաս­տա­ւոր չեն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու լե­զուին եւ ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մին: Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը (globalization) կը սպառ­նայ փոք­րա­թիւ ազ­գե­րու լե­զու­նե­րուն եւ մշա­կոյ­թին ան­հե­տաց­ման:

Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը, հա­կա­ռակ ռու­սե­րէ­նի լայ­նա­ծիր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մեծ մա­սամբ անհ­րա­ժեշտ են գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս զար­գա­ցում­նե­րու ճշգրիտ  բնու­թագր­ման, կը մնայ մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ինք­նու­րոյն լե­զուն: «Մայ­րե­նիի օր»ուան առ­թիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նած է թէ՝ «Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր լե­զուին ո­րե­ւէ վտանգ չի սպառնար»։ Սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է որ մաս­նա­գէտ լե­զուա­բան­ներ գի­տա­կան կա­ճա­ռի մա­կար­դա­կով լիա­զօրուին անհ­րա­ժեշտ ար­գե­լակ­նե­րը պար­տադ­րել, օ­տա­րա­մուտ ոչ-կեն­սա­կան բա­ռեր չներ­մու­ծե­լու հա­մար:

Մխի­թա­րա­կան է տես­նել, թէ ըլ­լա՛յ Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ Սփիւռ­քի տա­րած­քին լուրջ ջան­քեր կը կի­րար­կուին ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­յե­րէն լե­զուի նա­հան­ջը կա­սեց­նե­լու հա­մար: Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով կը հե­տապն­դէ այդ աշ­խա­տան­քը, իսկ վեր­ջերս, Անգ­լիոյ  Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան բաժ­նին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, սփիւռ­քա­հայ տաս­նեակ մը պատ­կա­ռե­լի մաս­նա­գէտ­նե­րով կա­յա­ցած է հա­մա­գու­մար մը, ուր ոչ միայն տե­սա­կա­նօ­րէն ար­ծար­ծուած է այս հար­ցը, այլ նաեւ գործ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուած են, զարկ տա­լու հա­մար կրթա­կան, գրքե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան եւ մա­մու­լի մի­ջոց­նե­րով:

Կա­րե­լի չէ յօ­դուա­ծի մը նեղ սիւ­նակ­նե­րու մէջ ար­ժա­նի կեր­պով անդ­րա­դառ­նալ այս բարդ հար­ցին, սա­կայն ա­ռա­ջին հեր­թի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն պէտք է նկա­տել ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման եւ հե­տա­գայ միաց­ման մի­ջոց­նե­րու զար­գա­ցու­մը, սկսեալ Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեան միա­ւո­րու­մով, հիմ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հնչիւ­նա­յին «ա­մէն տա­ռի ձայն մը, եւ ա­մէն ձայ­նի տառ մը» սկզբուն­քը, որ պի­տի դիւ­րաց­նէ հա­յե­րէն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը: Հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թեան ամ­բող­ջա­կան իւ­րա­ցու­մը նոյն­քան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է թուայ­նաց­ման (digital) այս դա­րաշր­ջա­նին: Դա­սագր­քեր եւ տետ­րակ­ներ ա­րա­գօ­րէն պէտք է փո­խա­րի­նուին հա­մա­կար­գիչ­նե­րով, ի հար­կին ու­սու­ցիչ­ներն ալ վե­րա­պատ­րաս­տե­լով այս յե­ղաշր­ջու­մին: Ոչ միայն դպրո­ցա­կան պայ­ման­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են ա­րա­գօ­րէն ար­դիա­կա­նաց­նել, այլ նաեւ մեր հան­րու­թեան մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը (ան­հատ­նե­րու կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ) պէտք է կա­տա­րուի հա­մա­կարգ­չա­յին հա­յե­րէն տա­ռե­րով, ինչ որ կը թե­լադ­րէ ա­րա­գօ­րէն միօ­րի­նա­կա­նաց­նել օգ­տա­գոր­ծուած հայ­կա­կան տա­ռա­տե­սակ մը, փո­խա­րի­նե­լու հա­մար դա­սա­կան գրի­չը, թուղ­թը, հե­ռա­խօ­սը, նա­մա­կա­տա­րը՝ հա­մա­կարգ­չա­յին մէկ դրու­թեամբ: Դժբախ­տա­բար, մեր հա­մայնք­նե­րուն մէջ հա­մա­կար­գի­չով յա­րա­բե­րե­լու դիւ­րին ճամ­բան ընտ­րուած է օգ­տա­գոր­ծե­լով հա­մաշ­խար­հայ­նօ­րէն ծա­նօթ անգ­լե­րէն տա­ռե­րը, փո­խա­նակ մէկ ան­գա­մուայ ճի­գով մը վար­ժուե­լու հա­յե­րէն տա­ռե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մին:

Այս հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը բնա­կա­նօ­րէն պի­տի կա­տա­րուի մեր մա­նուկ­նե­րու սե­րուն­դէն սկսեալ, բայց պի­տի ըլ­լայ դժուար ու կի­սատ՝ մեր ե­րէց սե­րուն­դին հա­մար, սա­կայն այս ե­ղա­փո­խու­թիւ­նը վստա­հա­բար իր բա­րե­րար դե­րը պի­տի ու­նե­նայ մեր ոս­կեղ­նիկ Մայ­րե­նին փրկե­լու UNESCO-ի չա­րա­գու­շակ ճա­կա­տագ­րէն:

ՏՔԹ. Յ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016