ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ-ՀԱՄԵՐԳ
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի «Ղազարոս Սարեան» լարային քառեակին շնորհանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ այդ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ անուանի երգահանի ընտանիքի անդամները եւ բազմաթիւ արուեստագէտներ։
Սոյն քառեակը կը գործէ մէկուկէս տարիէ ի վեր։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին առաջին ջութակ Էրիք Մանուկեան յայտնեց, թէ իրենց առաջին իսկ համերգին ժամանակ նուագած էին Ղազարոս Սարեանի ստեղծագործութիւնը։ Իր խօսքերով, Հայաստանի մէջ հետզհետէ կը զարգանայ դասական երաժշտութիւնը։ Նոյնիսկ կան երիտասարդ երգահաններ, որոնք երաժշտութիւն ստեղծագործած են իրենց համար։
Շնորհանդէս-համերգին ժամանակ երգացանկին վրայ ընդգրկուած էին Սարեանի եւ Եդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործութիւնները։ Ղազարոս Սարեանի դուստրը՝ Սոֆիկ Սարեան նշանակալի երեւոյթ համարեց սոյն քառեակին ստեղծումը։
«Ղազարոս Սարեանի անունը կապուած է ոչ միայն հայ երաժշտութեան, այլեւ մեր կատարողական դպրոցի արհեստավարժ մակարդակի զարգացման հետ։ Ըլլալով երաժշտանոցի վերատեսուչ՝ ան շատ աչալուրջ եւ շահագրգիռ կը հետեւէր իւրաքանչիւր երաժիշտի մասնագիտութեան կրթութեան։ Ան գործիքաւորման մեծ վարպետ մըն էր։ Շատ կարեւոր է, որ աւանդները կ՚ապրին ու կու տան նոր ծիլեր։ Մաղթենք, որ այս երիտասարդները ունենան մեծ յաջողութիւններ եւ բեղուն ստեղծագործական ճանապարհ», ըսաւ ան։
«Ղազարոս Սարեան» քառեակը Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի համոյթներէն մին է։ Անոր կազմին մէջ կը գտնուին՝ Էրիք Մանուկեան, Անի Ատիքեան, Էլենա Հայրապետեան եւ Էլիա Բալասանեան։