ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ներկայ ամսուան վերջաւորութեան պիտի այցելէ Հայաստան։ Սա պիտի ըլլայ իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։
ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ Ապրիլի 22-ին ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս նախատեսուած է Կլիմայի վերաբերեալ Փարիզի համաձայնագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ այդ արարողութենէն վերջ նախատեսուած է Պան Քի Մունի ուղեւորութիւնը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Ատրպէյճանն ու Վրաստանը։
Պան Քի Մունի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, թէ շուտով մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին այս կապակցութեամբ։