Ի՞ՆՉ ԷՐ CIA-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
28 Մարտը կարեւոր թուական պէտք է համարել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերջին հանգրուանի տոմարին մէջ: Այդ օր Մոսկուա ժամանեց ամերիկեան CIA-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն: Ճիշդ է, որ այցելութիւնը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի այցելութենէն ետք, սակայն այս մակարդակի այցելութիւններ աչքի կը զարնեն, որովհետեւ գաղտնի սպասարկութեան գործիչներու միջեւ կայացած փոխհամաձայնութիւնները կ՚ունենան շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն, քան քաղաքական պատասխանատուներու իրականացուցած արդիւնքները: Մինչ եւրոպական մէկէ աւելի աղբիւրներ խօսեցան երկու մայրաքաղաքներու միջեւ երեւելի գործակցութեան մը մասին (մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին առընթեր), անդին ռուս վերլուծաբաններ առիթ չփախցուցին Ճոն Քերիի Մոսկուա տուած այցը համարել երկու երկիրներու միջեւ սառցահալի փուլի մը սկիզբը: Այստեղ կը ծագի հարցում մը. իրօք ի՞նչ էր CIA-ի տնօրէնին Մոսկուա կատարած այցելութեան նպատակը, մանաւանդ, որ Քերիի կատարած այցը (24-25 Մարտ) եւ անկէ ետք հրապարակուած յայտարարութիւնները «բաւարար» կը համարուէին երկու երկիրներու ղեկավարներուն համար: Արաբական մէկէ աւելի աղբիւրներ մեծ կարեւորութիւն տուին այս այցին՝ գրելով նաեւ, որ անոր հիմնական օրակարգը եղած է Սուրիոյ գործող նախագահ Պեշար Էսատի ճակատագրին շուրջ ծաւալած քննարկումները: Սուրիական պատերազմը ամիս մը առաջ բոլորեց իր հինգերորդ տարին եւ տագնապին մէջ տարբեր առումներով «դեր» մը ունեցող հիմնական կողմերուն համար տագնապի հիմնական արմատը Էսատի իշխանութեան վրայ մնալն է, մինչ Մոսկուա եւ իր դաշնակիցները ամէն առիթի չեն վարանիր ըսել, որ «Պեշար Էսատ կարմիր գիծ է մեզի համար»: Նոյնիսկ ռուսական միջամտութեան առաջին փուլին աւարտով, երբ Մոսկուա իր «կարեւոր» համարուած զօրքերը դուրս կը հանէր Սուրիայէն, Քրեմլինի ղեկավարը առիթ չէր փախցներ նոյն յանկերգը կրկնելու: Այսօր ալ ոչինչ փոխուած է: Ամէն անգամ, որ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատէլ Ճուպէյր կը յայտարարէ, թէ Էսատ «ընելիք չունի» այլեւս, Մոսկուա իր կարծր ոճով կը հակադարձէ եւ կը գծէ Էսատի պահպանման «կարմիր գիծը»: Գետնի վրայ արդիւնքները կը մնան նոյնը, յաւելեալ արիւնահոսութիւն եւ յաւելեալ աւերածութիւն:
Պէտք է շեշտադրել, որ ռուսական կարեւոր միջամտութենէն ետք էր միայն, որ Սուրիոյ մէջ կարելի եղաւ հրադադար մը հաստատել: Հրադադարը ցարդ կը շարունակուի բացի այն շրջաններէն, ուր կը գտնուին այն խմբաւորումները (ԻՇԻՊ, «Էլ Նուսրա»), որոնք միջազգային գետնի վրայ կը համարուին ահաբեկչական խմբաւորումներ: Սուրիոյ բանակը, այդ շրջաններուն մէջ է, որ կը կատարէ կարեւոր յառաջխաղաց: Այս ծիրէն ներս պէտք է նշել պատմական Փալմիրա քաղաքին մէջ եղած պայքարը, ուր Էսատի բանակը յաջողեցաւ ապտակ մը տալ ԻՇԻՊ-ին եւ անոր զինեալները ցիրուցան ընելով քաղաքը դարձնել ազատագրուած: Զինուորական դէպքէն անդին այս քայլը տեղ կու տար կարեւոր քննարկումներու ու հակառակ անոր, որ արեւմտեան կարեւոր մայրաքաղաքներ կ՚ուշանային ողջունել այս քայլը, բայց եւ այնպէս Ուաշինկթըն, Փարիզ եւ Լոնտոն հերթաբար կը յայտարարէին, թէ տեղի ունեցածը ողջունելի քայլ մըն էր: Այս քայլն էր նաեւ, որ դրական միաւոր մը կու տար Էսատի իշխանութեան ու երկիրը բզկտած տագնապը քաղաքական հարթակ տանելու անոր միտումները կը դառնային երեւելի: Մինչ կը շարունակուին Ժընեւի մէջ սկիզբ առած բանակցութիւնները, անդին Սուրիոյ իշխանութիւնները ոգի ի բռին կը պատրաստուին 13 Ապրիլին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Էսատ այսօր իր առջեւ մէկ հիմնական խնդիր դրած է, որն է ընտրութիւններուն շնորհիւ շահիլ օրինականութիւն մը եւ երկրին մէջ եղող «ընդունելի» համարուած ընդդիմութիւնը եւս ներգրաւել քաղաքական գործընթացներուն: Արդեօք ան կը յաջողի՞ այս ծրագրին մէջ, ցարդ յստակ չէ: Բայց յստակ է նաեւ, որ անոր այս քայլը կրնայ մեծ արգելքներու հանդիպիլ, ու երկրին մէջ արդէն հաստատուն գոյութիւն ունեցող ընդդիմադիրներէն շատեր կրնան զինեալ բռնարարքներով կամ յարձակումներով խանգարել անոր ծրագիրը:
Զինուորական գետնի վրայ եւս Սուրիոյ բանակը շնորհիւ «Հիզպուլլահ»ի ջոկատներուն եւ ռուսական օդուժին՝ կը շարունակէ մնալ պատրաստ վիճակի մը մէջ, այն իմաստով, որ անոր գործողութիւնները պիտի ուղղուին դէպի Ռաքքա, որ կը համարուի ԻՇԻՊ-ի կարեւորագոյն թաքստոցը եւ «մայրաքաղաք»ը: Ռաքքայի ազատագրման օրակարգը նաեւ առկայ է ռուս-ամերիկեան քննարկումներու սեղանին վրայ: Ու տակաւին պարզ չէ, թէ գերպետութիւնները ե՛րբ պիտի համաձայնին դէպի Ռաքքա գրոհելու ազդանշանը տալ: Մինչ Իրաքի մէջ եւս ԻՇԻՊ-ի դէմ սկիզբ առած գործողութիւնները տարբեր պատճառներով կը դանդաղին, անդին Սուրիոյ մէջ այլ իրավիճակ կը տիրէ: Հակառակ տարբեր շրջաններու մէջ տիրող քաոսային իրավիճակին, Սուրիոյ մէջ նախաձեռնութիւն առնելու բանալին կը գտնուի բանակին մօտ: Ու այս իրականութեան դիմաց է նաեւ, որ աւելի երեւելի կը դառնայ Սուրիոյ մէջ գործող վարչակարգին պահպանման վարկածը: Սակայն արդեօք այդ իշխանութեան գլխուն պիտի շարունակէ՞ մնալ Էսատ: Ահա այս հարցումն է, որ աւելիով կ՚ուշացնէ Սուրիոյ տագնապը քաղաքական հուն տանելու բոլոր ճիգերը: Ու վստահաբար այդ ուշացման գործընթացը նոյնպէս կը կատարուի փոխհամաձայնութեան մը մթնոլորտին մէջ: Խօսքը անշուշտ Մոսկուա-Ուաշինկթըն «սիրախաղի» այս փուլի ընդհանուր պատկերին մասին է: Ու այս փուլը նոյնպէս կը պայմանաւորուի ապահովական մեծ ցնցումներէ զերծ պահել Մոսկուան, բայց մանաւանդ Նիւ Եորքը, Ուաշինկթընը, Պոսթընը եւ այլ ամերիկեան քաղաքներ, որոնք կրնան ԻՇԻՊ-ի թիրախ դառնալ: Էսատի ճակատագրին մասին մտորելէ անդին ուրեմն այսօր ռուս եւ ամերիկացի պատասխանատուներ իրարու մօտ կու գան ապահովական ընդհանուր մտահոգութիւններով: Ու հակառակ միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ ջուրի երես հանուած վարկածներու, CIA-ի թիւ մէկ պատասխանատուին Մոսկուա տուած այցը կը պայմանաւորուի ռուսական կողմէն անոր փոխանցուած ցանկով մը, ուր մանրամասնութիւններ կան այն ահաբեկիչ տարրերուն մասին, որոնք կրնան Միացեալ Նահանգներ հասնիլ: Այս տուեալներուն մասին խօսած է ռուսական Տումայի Արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ՝ Իկոր Մորոզով: Մորոզով, որ խօսած է Russia TV-ին՝ յայտնած է, թէ իրենց համար հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ԻՇԻՊ ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր «քոյրերուն» դէմ կռիւը եւ այդ առումով Ճոն Պրենընի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւններու ատեն իրենք ամերիկեան կողմին հետ տեղեկատուութեան փոխանակում կատարած են: Տեղին է նշել, որ ամերիկեան ափերուն վրայ ցարդ ճիհատական գործող բջիջներու մասին խօսք չկայ, հետեւաբար ամերիկայի համար վտանգ հանդիսացող որեւէ խմբաւորում պիտի ըլլայ «դուրսէն եկած» մը: Իսլամամէտ ահաբեկիչներուն համար գործունէութեան մեթոտը արագ, շտապ եւ անակնկալ արարքներ ընելու կերպը սիրելի ձեւ մը չէ ու անոնք կը նախընտրեն երկար եւ կազմակերպուած արարքներով հանդէս գալ: Այս ձեւաչափին մէջ են այսօր ռուս-ամերիկեան քննարկումները, հակառակ անոր, որ տարբեր երկիրներու եւ մասնաւորապէս Եէմէնի ու Լիպիոյ մէջ Քերի-Լաւրով Մոսկուայի կարեւոր համարուած հանդիպումէն ետք լաւատեսական շեշտեր կան: Թէ որքանո՛վ այդ դրական շեշտադրումները կը փորձեն արիւնահեղութեանց վերջ մը տալ, յստակ չէ, ակներեւ է սակայն, որ թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ Մոսկուա ամէն գնով պիտի փորձեն ահաբեկչութեան դառն բաժակը հեռու պահել իրենցմէ: Անոնց գործադրած միջոցառումները մինչեւ այս պահը կարելի է արդիւնաւէտ համարել, այլ խօսք, թէ նոյն ահաբեկիչները պիտի փորձեն իրենց համար հանգիստ համարուած եւրոպական օճախները պահել աքթիւ եւ վտանգուած:
Տարբեր մեկնաբաններու համաձայն ներկայ փուլին եղած տագնապներու լուծումները յետաձգելու փուլ մըն է: Ու այս առումով նաեւ սպասելի չէ, որ թէ՛ Մոսկուա եւ մասնաւորապէս Ուաշինկթըն անկեղծ ըլլան լուծումներ կերտելու իրենց ճիգերուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան