Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110 տարեկան
Ապրիլ 2016-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը դառնայ 110 տարեկան։ Արդարեւ, տասնմէկ տասնամեակներ առաջ Միութեան հիմնադիր-նախագահ Պօղոս Նուպարի նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսի մէջ ծնունդ առած այս կազմակերպութիւնը տարուէ տարի ուռճանալով այսօր հասած է օրհնաբեր տարիքի մը, ուսանելի լայն փորձառութեամբ, բարեսիրական եւ ազգային ամենատարբեր ծրագիրներով, համահայկական համապարփակ հեռանկարներով։
Ուղղութիւնն ու նպատակը յստակ է ու մեկին՝ պահել ազգային մշակոյթ եւ ժառանգութիւն։
Միութիւնը սոսկ բարեգործական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ շատ աւելին է այսօր։ Շնորհիւ անոր թափանցիկութեան եւ բարի համբաւին, աշխարհի չորս կողմերէն ազգայիններ մեծագումար նուիրատուութիւններով կը վստահին ՀԲԸՄ-ին, որուն շնորհիւ կ՚իրականացնեն իրենց ծրագիրներն ու երազները ըլլա՛յ Հայաստանի տարածքին, ըլլայ հայաշատ գաղութներու մէջ։ Մեր խօսքին վկան կը հանդիսանան անցնող հարիւրամեակին կատարուած հսկայական նուիրատուութիւնները Միութեան, որոնց շնորհիւ ան յաջողած է կառուցել ոչ միայն քարէ շէնք ու հաստատութիւն, այլ՝ անոնց շնորհիւ կառուցած է Սփիւռք կոչուող շէնքը, Տունը՝ մեր հոգիներէն ներս։
ՀԲԸՄ-ին միջոցով տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքի տարածքին թրծուեցան նոր սերունդներ անխառն հայրենասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ ու հայկականութեամբ: Այսօրուան նոր պայմաններուն տակ՝ նոր Սփիւռք եւ 25-ամեայ զոյգ հանրապետութիւններ, ՀԲԸՄ կը շարունակէ քայլ պահել նոր իրականութիւններու հետ, եւ իր անունին համահունչ՝ Հայկականին ու Բարեգործականին կողքին, Ընդհանուրին հասնելու համապարփակ ծրագիրներ կը մշակէ։
ՀԲԸՄ-ի թիրախը միշտ ալ եղած է Հայաստանը եւ հայութիւնը աշխարհով մէկ։ Այսօր ուշադրութիւնը աւելիով կեդրոնացած ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, Միութեան սփիւռքեան կառոյցները պէտք է աւելիո՛վ աշխուժանան եւ իրենց զօրակցութեամբ ոտքի պահեն թէ՛ հայաստանեան ծրագիրները եւ թէ ալ հոնկէ ներուժ ստանալով վերածրագրաւորեն ՀԲԸՄ-ի դպրոցները, ակումբները, երիտասարդական շարժումները եւ անդամաշարքը: Որպէսզի մէկը միւսին թիկունք կանգնելով՝ Հայաստանը Սփիւռքով եւ Սփիւռքը Հայաստանով, հայը հայ պահելու մեր երթին մէջ մնանք աննահանջ։
Եւ ահաւասիկ, մեծ Միութեան 110-ամեակը կու գայ նորոգելու մեր ուխտը, այն հաւատքով ու վստահութեամբ, որ՝ կամենալը կարենալ է. հաւա՛տք է պէտք նոր Պօղոս Նուպարներ եւ Ալեք Մանուկեաններ ծնելու համար, եւ փառք Ամենակալին, որ մեր ժողովուրդէն կը ծնին նոր Նուպարներ եւ նոր Մանուկեաններ։
Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի երկու վարժարանները վերջերս նշեցին իրենց քառասուներորդ եւ տասներորդ տարեդարձները։ Միութեան երիտասարդական թեւը՝ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը այս տարի կը բոլորէ իր 85-րդ տարին, իսկ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը քաղցրանուշ եւ դառնանուշ յիշատակներ կ՚արթնցնէ:
Տարեդարձները մեզ զգօն կը պահեն։ Կը մեծնանք, կը հասուննանք եւ պտուղ կու տանք։ Թող 110-րդ տարեդարձը անկիւնադարձային հանգրուան մը ըլլայ, դրական փոփոխութիւններու շրջան մը ըլլայ, ինչպէս որ կը յուսադրէ Միութեան վերջին շրջաբերականը։ Համահայկական ծրագիրներու մշակումը պատճառ պէտք չէ հանդիսանայ ներգաղութային հիմնախնդիրներու անտեսումին: Լոսանճելըսահայ մեր գաղութը հարուստ է բազմաթիւ մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տեղն ու դերը ազգային մեր կեանքէն ներս: Թող ՀԲԸՄ-ը իր զոյգ վարժարաններով, մասնաճիւղերով, երիտասարդական, մարզական, սկաուտական շարժումներով եւ մշակութային մարմիններով շարունակէ իր նպաստը բերել տեղական առումով, միեւնոյն ժամանակ հասնելով Հայաստանի եւ Արցախի կարիքներուն:
Շնորհաւո՛ր տարեդարձ: