Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒ
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որու հիման վրայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ուրացումը յետ այսու պիտի համարուի յանցագործութիւն։ Ըստ նոր ընդունուած օրէնքին, ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն ուրացումը պիտի դասուի յանցագործութիւն եւ ցաղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներն ալ մաս պիտի կազմեն այդ ծիրին։
Օրէնքի ընդունուելէն վերջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Յունական Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու, որ այդ իրադարձութիւնը համարեց պատմական։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016