ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ
Իսրայէլէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Քնեսէթի փոխ-նախագահ Թալի Փլոսքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս շրջագծով յարգանքի այց մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Թալի Փլոսքով, որ միեւնոյն ժամանակ կը ղեկավարէ Իսրայէլ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Փլոսքով շեշտեց, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած են բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւններ, իսկ իրենց երեսփոխանական խումբը որդեգրած է այդ բոլորը առաւել ամրապնդելու նպատակը։ Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Իսրայէլ օրակարգի հարցերը եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցին խորհրդարանական ձեւաչափին մէջ հաստատուած աշխոյժ համագործակցութիւնը։
Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։