ՈՒԹ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն պայ­քար մղել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին դժբախ­տա­բար ութ զի­նուոր­ներ նա­հա­տա­կուե­ցան՝ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րուն հետ ծա­գած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը մեծ ցա­ւով ու վրդով­մուն­քով հե­տե­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րու նա­հա­տակ­ման դէպ­քե­րուն։

Նու­սայ­պի­նի մէջ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու հետ ծա­գած բախ­ման ժա­մա­նակ վեց զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Եիւք­սէ­քօ­վա­յի եւ Շըր­նա­քի մէջ ալ մէ­կա­կան զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ նոյն­պէս ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ պայ­թե­ցուած ռում­բին եւ զու­գա­հե­ռա­բար կքած շէն­քին հե­տե­ւան­քով։

Միւս կող­մէ, նա­հա­տակ­նե­րու յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խոր յուզ­ման մթնո­լորտ։ Բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րը հո­ղին յանձ­նուե­ցան ցաւ ի սիրտ, յար­գան­քի խո­նար­հու­մով եւ միաս­նա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ։

ՆՈՐ ԴԻ­ՄԱ­ԳԻԾ

Միւս կող­մէ, Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նի Սուր գա­ւա­ռա­կին հա­մար մշա­կուած քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նոր ծրագ­րին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար յայտ­նի կը դառ­նան։ Շրջա­նի դի­մա­գի­ծին վե­րա­բե­րեալ տուեալ­ներ հրա­պա­րա­կուած են մա­մու­լին մէջ եւ այս շրջագ­ծով կ՚ընդգ­ծուի, թէ նոր շէն­քե­րը պի­տի չխան­գա­րեն քա­ղա­քի պատ­մա­կան հէն­քը եւ ա­նոնց բարձ­րու­թիւ­նը պի­տի չգե­րա­զան­ցէ պատ­մա­կան պա­րիսպ­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016