ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ սաստկացած բախումներու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կրկնեց իր լիակատար աջակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանին։ Շաբաթավերջի բախումներու մթնոլորտին մէջ Անգարա շարունակեց անվերապահօրէն դիրք գրաւել Պաքուի կողքին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուած ազէրի զինուորներուն համար։ Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ հնարաւոր բոլոր օժանդակութիւնները ցուցաբերել Ատրպէյճանին։
Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Մեր աղօթքները մեր ազէրի եղբայրներուն հետ են»։ Ան դիտել տուաւ, որ տարիներէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուի բռնագրաւման տակ եւ խնդիրը ցարդ չէ կարգաւորուած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու անտարբերութեան հետեւանքով։ Եթէ համանախագահները արդար քայլ մը առած ըլլային, ապա պիտի կանխուէին այն բոլորը, որոնք կ՚ապրուին ներկայիս։
Մինսքեան խմբակի հասցէին քննադատութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի փութով, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագծով։ Նախարարը յիշեցուց ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհուրդի եւ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ ընդունուած որոշումները եւ ըսաւ, թէ հակառակ այդ բոլորին կը պահուի լռութիւն։ Չավուշօղլուի համոզմամբ, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսաստան այս խնդիրը կրնան մէկ շաբթուան ընթացքին կարգաւորել եթէ փափաքին։ «Եթէ խնդիրը չկարողանանք լուծել, ապա կը պատահին նման բախումներ։ Մենք երբեք կողմնակից չենք բախումներու, խաղաղ լուծման կողմնակից ենք։ Բնականաբար միշտ եղբայր Ատրպէյճանի թիկունքին ենք», ըսաւ Չավուշօղլու, որ աւելցուց, թէ սահմանի վրայ Հայաստան տեւաբար կ՚իրականացնէ սադրանքներ։ Ատրպէյճան կողմնակից է ժամ առաջ ետ առնել իր բռնագրաւեալ տարածքները եւ կ՚ուզէ խաղաղ ճանապարհով հասնիլ այդ նպատակին։
ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելին ալ շաբաթավերջի բախումներուն կապակցութեամբ հայկական կողմը մեղադրեց ոճրագործութեամբ։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց տասներկու ազէրի զոհերուն համար։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ շաբաթավերջին լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն, գրեթէ ամբողջութեամբ մատուցելով Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած միակողմանի տուեալները։ Նոյն աղբիւրները կը մատնանշեն, թէ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ժողովի հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ յայտնած է, թէ մեծ յաղթանակ մը շահած են։
Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումը արդէն պատճառ դարձաւ նաեւ Երեւանի բողոքին։ Առաջին անգամ Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները այսքան բացայայտօրէն ընդգծեցին Թուրքիոյ դերը բախումներուն մէջ։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն շրջագծով հայկական աղբիւրները աստիճանաբար կը մատնանշէին օգտագործուած թրքական զէնքերուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այս անգամ սակայն արդէն պաշտօնապէս բարձրաձայնուեցաւ հարցին այս երեսակը։ «Ցաւալի է, որ Թուրքիոյ համար մարդկային զոհերու կշիռը պայմանաւորուած է ազգային պատկանելիութեամբ», ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան։