ՊԱՏԵՐԱԶՄ… ԴԱՐՁԵԱ՞Լ
Արցախի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան սաստիկ բախումներ։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ շաբաթավերջին ծագեցան աննախադէպ կռիւներ։ Ապրիլի 1-2-ի գիշերը, ժամը 03.00-ի սահմաններուն, շփման գծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի զօրքերը ձեռնարկեցին յարձակման՝ օգտագործելով ամենածանր միջոցները թէ՛ ցամաքէն եւ թէ օդէն։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը անմիջապէս փոխադարձ գործողութիւններու ձեռնարկեց։ Ինչպէս շեշտեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան՝ 1994 թուականին հաստատուած հրադադարէն ի վեր ամենախոշորածաւալ բախումները։ Դժբախտաբար կը տուժեն նաեւ խաղաղ բնակիչները։
STRATFOR ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան ռազմական լարուածութիւններ ստեղծելու հետամուտ է՝ իր տնտեսական դժուարութիւնները թաքցնելու համար։ Ամբողջ շաբաթավերջին շարունակուեցան սաստիկ բախումները, որոնք ահազանգային ծայրայեղ կացութիւն մը ստեղծած են եւ կը համարուին անկանխատեսելի հետեւանքներով արկածախնդրութիւն մը։ Պատերազմը դարձեալ Հարաւային Կովկասի օրակարգին վրայ է։ Ատրպէյճանի քայլերը պատճառ կը հանդիսանան, որ տարածքաշրջանը դառնայ ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ մը։
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեկացուցին, թէ բոլոր փաստերով ստոյգ է, որ նախայարձակը եղած է Ատրպէյճան։ Ըստ հայկական պաշտօնական աղբիւրներուն, Ատրպէյճանի առաջնահերթ ծրագրերը ձախողուած են եւ ճակատի վրայ նախաձեռնութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին ձեռքը։
«Քարնեկ»ի հիմնարկի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ ներկայ բախումներուն կապակցութեամբ յիշեցուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը սառած չէ։ Երբ տակաւին թէժ կռիւները կը շարունակուին Արցախի մէջ, բնականաբար Պաքուի այս յարձակումները կու գան խորացնել մտահոգութիւնները եւ յոռետեսութիւնը՝ հաշտութեան բանակցութիւններուն թափ տալու ճանապարհին։ Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակեն դիմագրաւել ծանր մարտահրաւէր մը. մարտահրաւէր, որ Հայաստանի անկախութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին միշտ եղած է առաջնահերթ։ Այս իրավիճակին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին տեղեկացուց, թէ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային ուղղակի ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի գործողութիւնները բարձր գնահատեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին, զանոնք որակելով արհեստավարժ։ Ըստ իրեն, տակաւին յայտնի չէ, թէ այս վերջին իրադարձութիւնները ինչի կրնան վերածուիլ։ Ատրպէյճանի սադրանքները կը շարունակուին, բայց Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը։ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերն ալ կը գործեն ըստ նախապէս մշակուած ծրագրի մը։ Ան միեւնոյն ժամանակ յանձնարարեց, որպէսզի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ աշխատանք տարուի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագրի մը կնքման ուղղութեամբ։ Սարգսեանի այս ելոյթէն վերջ արդէն սկսան համապատասխան նախաձեռնութիւնները։ Բնականաբար բազում մանրամասնութիւններ, բազում մեկնաբանութիւններ կարելի է ընել այս իրավիճակին շուրջ։ Յամենայնդէպս, հիմնական հանգամանքը այն է, որ Կովկասի իրադրութիւնը պիտի ուղղորդուի յաւելեալ հարցականներով եւ այդ հարցականներուն իւրաքանչիւրը ունին Հայաստանի տեսակէտէ, Արցախի տեսակէտէ յաւելեալ մարտահրաւէրներու նշանակութիւնը։
ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ
Արցախի ճակատին վրայ սաստկացած բախումները կ՚ունենան ծանրակշիռ հետեւանքներ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ հայկական կողմը ունի տասնութ զոհ։ Երէկ գիշերուան դրութեամբ հայկական կողմը ունէր քառասուն վիրաւոր ու կորսնցուցած էր հրասայլ մը։ Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցաւ 12-ամեայ պատանի մը՝ Վաղինակ Գրիգորեան։ Եւս երկու դպրոցահասակ երախաներ վիրաւորուեցան եւ անմիջապէս ենթարկուեցան գործողութեան։ Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Շաբաթավերջի բախումներուն ընթացքին շփման գծի մերձակայքի Թալիշ գիւղը միջոց մը անցած է Ատրպէյճանի զօրքերու հակակշռին տակ եւ աւելի վերջ հայկական զօրքերը ետ վերցուցած են զայն։ Այդ ընթացքին բնակարանի մը մէջ սպաննուած են երեք տարեցներ, որոնց լուսանկարները հրապարակուած են հայկական լրասփիւռներուն կողմէ։ Մարտակերտի շրջանի բախումներն ալ լուրջ վնաս հասցուցած են ժողովուրդի բնակարաններուն։
Ատրպէյճանի աղբիւրները կը հաստատեն, թէ հայկական կողմը ունի տասնութ զոհ, սակայն մնացեալ տուեալներուն շուրջ հրապարակումները կը պարզեն հակադիր պատկեր մը։ Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ազէրի կողմը ունի տասներկու զոհ։ Մինչդեռ, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներուն հաղորդումները բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի բանակը շաբաթավերջի բախումներուն ընթացքին կորսնցուցած է երկու ուղղաթիռ, չորս անօդաչու թռչող սարք, շուրջ տասնհինգ հրասայլ, մէկ հրթիռահրետանային սարք, զրահապատ մեքենաներ եւ այլն։ Ատրպէյճանի զոհերուն թիւը կը գերազանցէ երկու հարիւրի սահմանը։
Հանրային կարծիքին մատուցուած տուեալներուն մէջ պարզ է, որ կը նկատուին հակասութիւններ։ Աւելի՛ն, հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Պաքու ապատեղեկատուութեան լուրջ արշաւ մը կ՚իրականացնէ։ Ատրպէյճանի աղբիւրները զանազան առիթներով տեղեկացուցին, թէ միակողմանիօրէն հրադադարի կ՚երթան, սակայն այդ բոլոր հանգրուաններուն հայկական աղբիւրները կը հաղորդէին նոր յարձակումներու մասին։ Պաքուի աղբիւրները պնդեցին նաեւ, թէ Ատրպէյճանի բանակը ռազմական նշանակութեամբ նոր դիրքեր նուաճած է։ Յամենայնդէպս, երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ հայկական ստորաբաժանումները ռազմաճակատի որոշ հատուածներուն մէջ լուրջ յառաջխաղացում ունեցած են՝ տիրանալով նորանոր դիրքերու եւ բնագծերու։