Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 161-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լորտ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ժիլ­պէռ Սրկ. Քա­րա­փեք­մէզ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Վառ­վա­ռեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ե­դուարդ Պե­տո­յեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տա­շէս Եահ­նիեա­նի։ Հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը, որ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը, ու­րար կրե­լու ի­րա­ւունք շնոր­հեց Ե­րուանդ Դպիր Չիյ­տէ­մին։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Գում­գա­բուի Դրսի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թաւ­րա եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Վա­րու­ժան Թաւ­րա հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Ան նշեց, թէ ինք եւ իր ըն­կեր­նե­րը տաս­նութ տա­րիէ ի վեր կ՚աշ­խա­տին Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։ Մեր հա­մայն­քի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար սրտա­մօ­տիկ ուխ­տա­վայր մըն է այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին, ո­րու սրա­հին դռներն ալ բաց են հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լո­րին։ Ա­տե­նա­պե­տը խօ­սե­ցաւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու բա­րե­փո­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով տա­րուած աշ­խա­տան­քին եւ ա­նոնց դրա­կան ար­դիւն­քին շուրջ։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը յա­ռա­ջի­կայ կրթա­կան շրջա­նէն սկսեալ պի­տի տրա­մադ­րուի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին, ուր կ՚ու­սա­նին Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րուն ե­րա­խա­նե­րը։ Ա­տե­նա­պե­տը նշեց, թէ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չուի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի օրհ­նու­թեամբ եւ ի­րենց խոր­հուր­դի հա­ւա­նու­թեամբ։

Այս ե­լոյ­թէն վերջ Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան հան­դէս ե­կաւ եւ Վառ­վա­ռեան երգ­չա­խում­բի վաս­տա­կա­շատ ան­դամ­նե­րէն Կար­պիս Մոս­կո­ֆեա­նը հրա­ւի­րեց մե­ներ­գի։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ հուսկ բան­քի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Կրկնա­զատ­կին ու ու­րա­խու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած նոր շէն­քին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ընդգ­ծեց նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան գնա­հա­տեց այն ա­նա­նուն բա­րե­րա­րը, որ պատ­րաս­տա­կամ ե­ղած է հո­գա­լու շէն­քի վե­րա­նո­րո­գու­թեան ծախ­սե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի այն­տեղ պի­տի ու­սա­նին 150 ե­րա­խա­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տա­նէն այ­լեւս պէտք է դադ­րի ար­տա­գաղ­թը։ «Մենք չենք ու­զեր, որ մար­դիկ գաղ­թեն, ընդ­հա­կա­ռակն՝ մեր փա­փաքն է, որ այն­տեղ մնան, Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ ըլ­լան՝ որ­քան որ ալ պայ­ման­նե­րը ըլ­լան դժուար։ Ա­նոնք մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը, ազ­գա­կից­նե­րը, ա­րե­նա­կից­ներն են։ Ար­դէն շա­տեր դուրս ե­կած են Հա­յաս­տա­նէն։ Մենք չենք ու­զեր, որ գաղ­թեն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը, այլ մնան Հա­յաս­տա­նի մէջ ու շէ­նաց­նեն եր­կի­րը», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Օ­րուան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016