ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈԼԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սպա­նիոյ «Էլ Քլա­սի­քօ»ն հա­րուստ էր ֆութ­պո­լը յատ­կան­շող բո­լոր դրուագ­նե­րով. ան­հա­տա­կան հնարք­ներ, խմբա­յին խա­ղեր, կո­լա­յին ա­ռիթ­ներ, վար­պե­տօ­րէն նշա­նա­կուած կո­լեր, կոշտ խա­ղար­կու­թիւն, հրմշտկոց, ի­րա­ւա­րա­րի վի­ճե­լի ո­րո­շում­ներ, դե­ղին քար­տեր, նոյ­նիսկ կար­միր քարտ (Ռէա­լի խմբա­պետ Ռա­մոս): Գեր­մա­նիոյ մէջ հա­յազ­գի Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, այս տա­րեշր­ջա­նի իր 19-րդ կո­լա­յին փո­խան­ցու­մը կա­տա­րեց, իսկ Ֆրան­սա­յի մէջ Զլա­թան Իպ­րա­հի­մո­վիչ դար­ձաւ հեթ­-թրի­քի հե­ղի­նակ:

Միւս կողմէ, «Է­սո­շիէյ­թըտ Փրէս» կը հա­ղոր­դէ, որ Գեր­մա­նիոյ ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց այն պար­գե­ւավ­ճա­րը, որ պի­տի ստա­նան գեր­մա­նա­ցի ֆութ­պո­լիստ­նե­րը «Եու­րօ-2016»ի ա­խո­յե­նու­թեան տի­րա­նա­լու պա­րա­գա­յին:

Այդ հիմ­նադ­րա­մը կը կազ­մէ այն, որ էր «Եու­րօ-2012»ին:

Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան հան­դի­սա­նա­լու պա­րա­գա­յին, գեր­մա­նա­ցի ֆութ­պո­լիստ­նե­րը պի­տի ստա­նան 300 հա­զա­րա­կան եւ­րօ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի այլ պար­գեւ­նե­րուն, ա­նոնք պի­տի ըլ­լան հե­տե­ւեալ ձե­ւով.

Քա­ռորդ ա­ւար­տա­կան՝ 50 հա­զար եւ­րօ, կի­սա­ւար­տա­կան՝ 100 հա­զար եւ­րօ, իսկ ա­ւար­տա­կան՝ 150 հա­զար եւ­րօ (բնա­կա­նա­բար իւ­րա­քան­չիւր ֆութ­պո­լիս­տի հա­մար):

Բաց աստի, խմբակ­նե­րու՝ Ա. հանգ­րուա­նի մրցում­նե­րուն, Գեր­մա­նիոյ խմբա­կին մէջ են Ուք­րայ­նա, Լե­հաս­տան եւ Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016