ՊԱՔՈՒԷՆ ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բռնկած բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Պա­քուի կող­մէ ե­րէկ հնչեց մտա­հո­գիչ սպառ­նա­լիք մը եւս։ Ատր­պէյ­ճան սպառ­նաց Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի վրայ յար­ձա­կե­լով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ նման յար­ձա­կու­մի մը պի­տի փո­խա­դար­ձեն ան­հա­մա­չափ ու շատ ցա­ւոտ։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան Ա. փոխ-նա­խա­րար Դա­ւիթ Տօ­նո­յեանն ալ այս խնդի­րը ան­մի­ջա­պէս յանձ­նեց ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի նկա­տառ­ման։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակը երէկ գիշեր կրակ բացաւ «Սմերչ» համազարկային համակարգով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016