ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան հերթական նիստը բացուեցաւ Արցախի ճակատին վրայ նահատակուած զինուորներուն եւ յարձակումներու հետեւանքով զոհուած բնակիչներուն համար պահուած յարգանքի լռութեամբ։ Աւելի վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը՝ բոլոր խմբակցութիւններուն եւ անկախ պատգամաւորներուն հաւանութեամբ։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ ընթերցուեցաւ յայտարարութիւնը, ուր դատապարտուեցան Ատրպէյճանի յարձակումները, որոնց թիրախ կը դառնայ նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը։ Ընդգծուեցաւ, թէ Պաքու անհեռատես եւ վտանգաւոր ուղիի մը վրայ է։ Ատրպէյճանի արկածախնդիր ահաբեկչական քաղաքականութիւնը լուրջ սպառանալիք մը համարուեցաւ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար։ Կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հասցէական ու համարժէք արձագանգ տան դէպքերուն։
Հայաստանի խորհրդարանէն ներս նախատեսուած է նաեւ փակ լսում մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ։ Խորհրդարանէն ներս սկսած են նաեւ աշխատանքներ՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագրի պատրաստութեան ուղղութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգին հիման վրայ։ Պատգամաւորները հետզհետէ աւելի բարձրաձայն կ՚արտայայտուին Արցախի անկախութեան ճանաչման վարկածին շուրջ։
Միւս կողմէ, Շարմազանով եւ խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Երեւանի Մուրացանի զինուորական հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ առնուած վիրաւոր զինուորներուն։