ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ վերստին բռնկած ռազմական գործողութիւնները վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը բնորոշեն միջազգային օրակարգը։ Ամենաբարձր հարթութիւններու վրայ կոչեր կը հնչեն՝ բախումներու դադրեցման համար։ Միջազգային գետնի վրայ զուգահեռաբար յառաջ կը տարուին նաեւ որոնումներ, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները դադրին ժամ առաջ։
Առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ մասնաւորապէս շարժման անցած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա։ Սոյն ջանքերուն ներգրաւուած է նաեւ Գերմանիան՝ ներկայ շրջանային նախագահը ԵԱՀԿ-ի, որու կողմէ կը հովանաւորուի ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները։
ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճոն Քերի երէկ յիշեցուց, թէ վերջին օրերուն Ուաշինկթըն այցելած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեսակցելու ընթացքին յորդորած էր հրադադարի պահպանումը։
Ուաշինկթընի առընթեր Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ զանազան մակարդակներու վրայ արտայայտուեցաւ առկայ կացութեան շուրջ։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, թէ Քրեմլինի մօտ անհանգստութիւնը կը մնայ առկայ։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կրնայ որոշել դադրեցնել զէնքի մատակարարումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։
Ռուսաստանի օրէնսդիր իշխանութիւններու յառաջատար դէմքերն ալ երէկ հանդէս եկան կոչերով։ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մատվիենքօ համոզուած է, որ Պաքու եւ Երեւան պէտք է գիտակցին, թէ լարուածութեան սաստակցումը անթոյլատրելի է։ Իր կարգին, պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին յայտնեց, թէ խնդիրը պէտք է լուծուի երկխօսութեան եւ փոխզիջումներու միջոցաւ ու պէտք է վերականգնուի խաղաղութիւնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ ակնարկեց նաեւ Թուրքիոյ դիրքորոշման։ Ըստ իրեն, Անգարայի յայտարարութիւնները կողմնակալ են այս հարցին շուրջ։
Սէրկէյ Լաւրով օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ իր ամերիկացի եւ գերման պաշտօնակիցներուն՝ Ճոն Քերիի եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։ Լաւրով եւ Շթայնմայէր արտայայտեցին իրենց միասնական դիրքորոշումը, թէ տարածքաշրջանէ ներս հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի հակամարտ կողմերը զսպուածութիւն ցուցաբերեն, անյապաղ դադրեցնեն կրակը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս վերականգնուի բանակցային գործընթացը։
Երէկ օրուան տեւողութեան Սէրկէյ Լաւրով ակնարկութիւններ ըրաւ նաեւ բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն դուրս բերելու ուղղեալ մտադրութիւններուն։ Այդ փորձերը կը կատարուին անոնց կողմէ, որոնց համար ձեռնտու չէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Սէրկէյ Լաւրով Ճոն Քերիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը անյապաղ դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները։ Ռուս եւ ամերիկացի նախարարները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ։ Անոնք պայմանաւորուեցան, որպէսզի եռանախագահ երկիրները ջանքերը աշխուժանան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լաւրով եւ Քերի դատապարտեցին նաեւ կարգ մը «արտաքին դերակատարներու» Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը լարելու ուղղեալ փորձերը։
ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն Մարք Թոնըրն ալ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ գործակցիլ այս նիւթին շուրջ Մոսկուայի եւ Փարիզի հետ։ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն հրադադարի եւ խաղաղութեան հասնելու համար։ Թոնըր ըսաւ. «Մենք կ՚աջակցինք Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս ընթացող գործընթացին, որ յառաջ կը տարուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն՝ մասնաւորապէս ուժ չօգտագործելու, տարածքային ամբողջութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ»։
Վիեննայի մէջ այսօր ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդը յատուկ ժողով մը կը գումարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա) տեղեկութիւններ կը փոխանցեն հակամարտութեան գօտիի առկայ իրավիճակին շուրջ։
Բաց աստի, օրուան ընթացքին Մինսքեան խմբակի մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներն ալ կ՚իրականացնեն մասնաւոր խորհրդակցութիւն մը։
Միւս կողմէ, Վրաստանի եւ Իրանի ղեկավարութիւններն ալ կը շարունակեն կոչեր հնչեցնել՝ հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի այս առաւօտ հանդէս եկաւ կոչով մը, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները առաւելագոյն ջանքեր գործադրեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած լարուած իրադրութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Երէկ ալ Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիլիքաշվիլի անհանգստութիւն յայտնած էր Արցախի իրադրութեան մասին։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած կացութեան հետեւանքով յետաձգեց դէպի Լեհաստան իր ուղեւորութիւնը եւ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Իր կարգին, Վրաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Վախթանկ Քափանածէն ալ նշեց, թէ ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն եւ հարեւան երկիրներուն կը յորդորեն հրադադար հաստատել եւ բռնել խաղաղ լուծման ճանապարհը։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու խաղաղ ճանապարհով լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Զարիֆ այսօր Իրանի Ռամսար քաղաքին մէջ կը հիւրընկալէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն եւ Էլմար Մամէտեարովը։