ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վրայ գոր­ծուած յար­ձա­կում­նե­րը, ճա­կա­տի վրայ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ճգնա­ժա­մա­յին վի­ճակ ստեղ­ծած են ամ­բողջ հայ աշ­խար­հէն ներս։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը գեր­մարդ­կա­յին ջան­քե­րով կը փոր­ձեն վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պա­հել ի­րադ­րու­թիւ­նը՝ կան­խե­լու հա­մար ա­մէն ին­չի ա՛լ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­նա­լը։ Խու­ճա­պէ հե­ռու, հե­ռա­տես ու վճռա­կան քայ­լե­րով կ՚ըն­թա­նան Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց հիմ­նա­կան նպա­տակն է Պա­քուն հեր­թա­կան ան­գամ ստի­պել խա­ղա­ղու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այս մթնո­լոր­տին մէջ հան­դէս ե­կաւ յստակ ու ար­մա­տա­կան պատ­գամ­նե­րով։ Միշտ գե­րա­դա­սե­լով խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը՝ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Ե­թէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուին եւ ստա­նան լայն ծա­ւալ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի ճանչ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի անկա­խու­թիւ­նը»։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան փո­խան­ցեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ուղ­ղեալ յստակ պատ­գամ­նե­րը։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ կազ­մա­կեր­պուած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ թի­րա­խա­ւո­րել խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ սաստ­կա­ցու­մը պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ ան­կան­խա­տե­սե­լի եւ ան­վե­րա­դարձ հե­տե­ւանք­նե­րու՝ նե­րա­ռեալ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազմ մը։ Այս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ազ­դէ ո՛չ միայն Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի, այլ՝ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան վրայ։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ ա­ռա­ջին ան­գամ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը օգ­տա­գոր­ծած է ծանր հրա­նետ­ներ եւ ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տան ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կողմ­նա­կից են ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման եւ 1994-ին հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման։ «Հայ­կա­կան կող­մը եր­բեք չէ հրա­ժա­րած հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ տրա­մա­բա­նա­կան փոխ­զի­ջում­նե­րէ։ Բայց ա­նոնց մա­սին խօ­սի­լը ի­մաստ ու­նի միայն այն ժա­մա­նակ, երբ կը լու­ծուի հա­կա­մար­տու­թեան բուն պատ­ճա­ռը եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կ՚ա­զա­տուի կրկին գա­ղու­թակ­ցուե­լու վտան­գէն։ Ոչ ոք կրնայ ժո­ղո­վուր­դի մը պար­տադ­րել ապ­րիլ կազ­մին մէջ այն­պի­սի պե­տու­թեան մը, որ չ՚ար­տա­ցո­լաց­ներ իր իղ­ձերն ու ար­ժէք­նե­րը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան ու վստա­հե­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը այս վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին ո­րե­ւէ տա­րածք չէ ա­զա­տագ­րած։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգսեան քննա­դա­տու­թիւն­ներ ալ հաս­ցէագ­րեց Թուր­քիոյ։ «Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քէին Թուր­քիան տես­նել միջ­նորդ­նե­րու շար­քին, այ­սօր կը հասկ­նան, որ «ա­րիւ­նակ­ցա­կան անվտան­գու­թեան» մօ­տե­ցում որ­դեգ­րած այդ եր­կի­րը պէտք է ընդ­հան­րա­պէս հե­ռու պա­հել ղա­րա­բա­ղեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն», ըսաւ Սարգ­սեան եւ յիշեցուց, որ Հայաստան կողմ է 1994-ի հրադադարի համաձայնագրին ու պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն կատարել Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան համար իր պարտաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016