ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը այս շրջա­նին կը կազ­մա­կեր­պէ սե­մի­նար­նե­րու շարք մը՝ մա­նուկ­նե­րու նա­խադպ­րո­ցա­կան շրջա­նի զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ։ Այս շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­լոյ­թի հրա­ւի­րուած էր մա­նուկ­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան նիւ­թե­րու գծով մաս­նա­գէտ մը՝ Ա­րու­սեակ Սա­ֆա Ճա­մի­լա­պա­տի։

Դպրո­ցի ու­ղե­ցոյց ու­սուց­չու­հի Գա­րօ­լին Չան­քը­րըի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Ճա­մի­լա­պա­տի կանգ ա­ռաւ մին­չեւ հինգ-վեց տա­րե­կան մա­նուկ­նե­րու զար­գաց­ման պա­րա­գա­յին զա­նա­զան նիւ­թե­րու վրայ։ Ան խօ­սե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու եւ ծնող­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ ծնող­նե­րու որ­դեգ­րե­լիք դիր­քո­րո­շում­նե­րուն շուրջ։

Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ Ա­րեգ Մում­ճու, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Հա­ճըն­լեան, տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բազ­մա­թիւ ծնող­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016