ԱՐԴԱՐ ՄԱՐԴՈՒ ՏԻՊԱՐԸ

Ար­դա­րու­թեան մա­սին յա­ճախ խօ­սե­ցանք եւ խորհր­դակ­ցե­ցանք այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, ձե­զի հետ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը՝ ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն է, ազ­նուու­թիւն է, եւ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող՝ անհ­րա­ժեշտ տա՛րր մըն է։

Ար­դա­րու­թիւ­նը քա­նի որ մի­ջոց մը, գոր­ծիք մըն է ըն­կե­րա­յին ընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար, ա­պա ու­րեմն զայն գոր­ծադ­րող, շարժ­ման անց­ընող ուժն ալ՝ մա՛րդն է։

Ա­ռանց մար­դու «ար­դա­րու­թիւն»ը ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ, քա­նի որ ար­դա­րու­թիւ­նը մար­դուն հա­մար է, եւ նաեւ՝ ար­դա­րու­թիւ­նը գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծողն ալ՝ դար­ձեալ մա՛րդն է։ Ար­դա­րու­թիւ­նը կը կի­րար­կուի մար­դոց ձեռ­քով՝ մար­դո՛ւն հա­մար։ Հաշտ, խա­ղաղ եւ միա­սին ըն­կե­րա­յին, ըն­տա­նե­կան եւ ան­հա­տա­կան կեան­քի մը հաս­տատ­ման հա­մար ար­դա­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ պայ­մա՛ն է։ Ու­րեմն կա­րե­լի է դի­մա­ւո­րուիլ սա­պէս հար­ցու­մով մը, թէ՝ ո՞վ է իս­կա­կան ի­մաս­տով «արդար մարդ»ը, եւ դար­ձեալ՝ ո՞րն է «ար­դար մարդ»ու տի­պա­րը։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­լաւ ո՞վ կրնայ գոր­ծա­ծել եւ օգ­տա­գոր­ծել…։

Քա­նի որ «ար­դա­րու­թեան» գո­յու­թեան հա­մար «ար­դար մարդ»ու ներ­կա­յու­թիւ­նը պէտք է։ Ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­ցա­կան, տե­սա­բա­նա­կան ար­ժէք մը կը մնայ՝ երբ զայն գոր­ծադ­րող, օգ­տա­գոր­ծող, կեան­քի վե­րա­ծող մար­դը գո­յու­թիւն չու­նե­նայ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը շօ­շա­փե­լիի վե­րա­ծո­ղը ըն­կե­րա­կան կեանքն է՝ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։

Ո՞վ է «ար­դար մարդ»ը եւ ո՞րն է «ար­դար մար­դու տի­պար»ը։ Ար­դա­րու­թեան գա­ղա­փա­րէն՝ ար­դա­րու­թեան, թանձ­րա­ցեալ, շօ­շա­փե­լի ի­րո­ղու­թեան մը վե­րա­ծուի­լը կա­րե­լի է տես­նել Վար­դան Վար­դա­պետ Այ­գե­ցիի պատ­մած հե­տե­ւեալ ա­ռա­կին մէջ։

Ու­րեմն տես­նենք, ի՛նչ կը պատ­մէ Վար­դան Վար­դա­պետ՝ ցոյց տա­լու հա­մար «ար­դար մար­դու տի­պար»ը։

«Ե­րի­տա­սարդ մը ուխ­տած էր եր­բեք -հա­րամ- այ­սինքն ա­նի­րաւ, ա­նար­դար բան չու­տել եւ օր մը ան գնաց գե­տի մը ե­զեր­քը եւ հոն տե­սաւ, որ ջու­րը դէ­պի ի­րեն խնձոր մը կը բե­րէ։ Ե­րի­տա­սար­դը ա­նօ­թի էր, եւ ա­ռաւ խնձո­րը ու կե­րաւ։

«Բայց, ա­պա, յան­կարծ յի­շեց իր ուխ­տը։

«Խղճմտան­քը ան­հանգս­տա­ցու­ցած էր զինք, գնաց գետն ի վեր եւ գտաւ այ­գի մը եւ տե­սաւ, որ խնձո­րը այդ այ­գիէն էր ե­կած։

«Ե­րի­տա­սար­դը այ­գե­տի­րոջ ը­սաւ.

«Ո­ղոր­մէ՛ ին­ծի եւ ա՛ռ խնձո­րին փո­խար­ժէ­քը՝ ի՛նչ որ է ա­նոր գի­նը եւ կամ -հա­լալ- ը­րէ, ար­դա­րա­ցուր, քա­նի որ ես -հա­րամ- բան ա­մե­նե­ւին չեմ կե­րած։

«Այս լսե­լով բու­րաս­տա­նին՝ պար­տէ­զին տէ­րը ե­րի­տա­սար­դին ը­սաւ.

«Կէ­սը՝ որ ի՛մն է -հա­լալ- քեզ եւ կէ­սը՝ որ իմ եղ­բօրն է, ա­նոր տէ­րը չեմ եւ չեմ կրնար ը­սել ո­րե­ւէ բան։ Եւ իմ եղ­բայ­րը հե­ռո՜ւ է՝ այս­տե­ղէն մօ­տա­ւո­րա­պէս վեց օ­րուան ճամ­բայ է բնա­կած վայ­րը։

«Եւ ե­րի­տա­սար­դը ճամ­բայ ե­լաւ եւ վեց օ­րուան ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը ետք գտաւ այն մար­դը, ը­սաւ.

«Կամ ա՛ռ քու կէս խնձո­րի գի­նը եւ կամ -հա­լալ- ը­րէ, ար­դա­րա­ցուր զայն ին­ծի։

«Խնձո­րին կէ­սին տէ­րը ը­սաւ ե­րի­տա­սար­դին.

«Ո՛չ գի­նը կ՚առ­նեմ կէս խնձո­րին եւ ոչ ալ -հա­լալ- կ՚ը­նեմ։ Թէ կ՚ու­զես որ -հա­լալ- ը­նեմ, ես աղ­ջիկ մը ու­նիմ՝ որ ո՛չ ա­կանջ ու­նի, ո՛չ լե­զու, եւ ոչ ալ ձեռք, ոչ ալ ոտք, կին առ զայն, -հա­լալ- ը­նեմ։

«Ե­րի­տա­սար­դը՝ ան­ճար վի­ճա­կի մատ­նուած, որ­պէս կին ա­ռաւ այդ աղ­ջի­կը։ Ա­մուս­նա­ցաւ ա­նոր հետ։ Եւ երբ ա­ռա­գաստ՝ հար­սա­նե­կան սե­նեակ մտան՝ զար­ման­քով տե­սաւ որ աղ­ջի­կը բո­լո­րո­վին ա­ռողջ էր, ո­րե­ւէ թե­րու­թիւն կամ տկա­րու­թիւն չու­նէր։

«Այս տես­նե­լով, ե­րի­տա­սար­դը ա­նե­րո­ջը ը­սաւ.

«Ին­չո՞ւ կը զրպար­տէիր, սուտ ամ­բաս­տա­նու­թեամբ կը ծաղ­րէիր քու աղջ­կան մա­սին։

«Եւ ա­նե­րը իր փե­սա­յին ը­սաւ.

«Ես չէի զրպար­տեր կամ սուտ ամ­բաս­տա­նու­թիւն չէի ը­ներ՝ ճշմա­րի­տը կը խօ­սէի, ո­րով­հե­տեւ ծնած օ­րէն իմ աղ­ջի­կը ա­րե­գա­կի լոյ­սը միայն մեր տան տա­նի­քէն է տե­սեր, եւ օ­տար մար­դու ձայն չէ լսեր, օ­տար ոե­ւէ մէ­կու հետ չէ՛ խօ­սեր, եւ ձեռ­քով մեղք չէ՛ շօ­շա­փեր, եւ ոտ­քը տան դռնէն դուրս եր­բեք չէ՛ դրեր։ Եւ ես քե­զի նման -հա­լալ- ար­դար մարդ կ՚ու­զէի եւ ա­հա դո՛ւն ե­կար…»։

­Սի­րե­լի՜­ներ, կա՞յ ար­դեօք ար­դա­րու­թեան հա­մար իր կեան­քը զո­հե­լու, նուի­րուե­լու, ա­մէն բա­ցա­սա­կան, ժխտա­կան պայ­ման յանձն առ­նող, ի­րա­կան ար­դար մարդ՝ «ար­դար մար­դու տի­պար» անձ­նա­ւո­րու­թիւն։

Ապ­րուած կեան­քը, ի­րա­կան կեան­քը շա՜տ հե­ռու է այդ «տի­պար»էն, քա­նի որ շա­տեր չեն կրնար զո­հել ի­րենց կեան­քը ար­դա­րու­թեան հա­մար։ Եւ շա­տեր կ՚ըն­դու­նին ի­րենց ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը՝ կշի­ռի եր­կու նժար­նե­րուն վրայ կը դնեն ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ի­րենց կեան­քը՝ եւ կը նա­խընտ­րեն «կեանք»ը՝ ա­ռանց խոր­հե­լու, թէ ա­ռանց ար­դա­րու­թեան ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նան ապ­րիլ ու վա­յե­լել այդ ախ­տա­ւոր, թե­րի եւ շե­ղած «կեանք»ը…։

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թիւն, ինչ­պէս իս­կա­կան ազ­նուու­թիւն՝ մա­նա­ւանդ ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ զո­հո­ղու­թիւն, կա­մա­ւոր զրկանք, վե­հանձ­նու­թիւն։ Ուս­տի վե­հանձն մար­դու ա­ռաջ­նա­կարգ հան­գա­մանքն է՝ «ար­դար մարդ» ըլ­լա­լը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ար­դար մար­դը՝ վե­հանձն մա՛րդ է։

Ար­դա­րու­թիւ­նը, «ար­դար մարդ»ու հան­գա­ման­քը ի յայտ կու գայ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ, երբ մարդ նա­խընտ­րու­թիւն մը ը­նե­լու հար­կա­ւո­րու­թեան տակ է, ստի­պուած է եր­կու ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը զո­հել, հրա­ժա­րիլ։ Եւ ե­թէ մարդ «Ես»ին հմայ­քով, հրա­պոյ­րով կը նա­խընտ­րէ իր «կեանք»ը եւ կը զո­հէ ու­րիշ «կեանք»եր, ա­պա ու­րեմն ան ար­դար չէ, քա­նի որ այս աշ­խար­հի վրայ միայն ինք չ՚ապ­րիր. ի­րա­ւունք­նե­րու մէջ, ա­զա­տու­թեան մէջ, փա­փաք­նե­րու մէջ, հա­ճոյք­նե­րու մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն ա­պա­հո­վող մարդն է «ար­դա՛ր մարդ»ը։

Ո՞վ կը հա­մե­մա­տի այդ ար­դա­րու­թեան չա­փա­նի­շին, ո՞վ կը հա­մա­ձայ­նի «ար­դար մարդ»ու տի­պա­րին։ Ո՞վ ի­րա­պէս ար­դա՛ր է, ո­րո՞ւ կա­րե­լի է վստա­հիլ որ­պէս «ար­դար մարդ»։

­Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը եւ ո­րո­շե­ցէք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ։ Քա­նի որ կ՚ապ­րինք այս աշ­խար­հի վրայ, կ՚ար­ժէ փոր­ձե՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016